ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի այս թիւը թղթատարին պիտի յանձնենք Նոր Տարիէն առաջ, բայց եւ ան պիտի դառնայ Նոր Տարուան առաջին թիւը, որ պիտի մտնէ ձեր օճախէն ներս:
Թող «Ասպարէզ»ը երջանիկ գտնէ ձեզ՝ ձեր տան մէջ: Արդէն հնացած տարուան հետ թող հեռանան անձնական, ընտանեկան եւ հաւաքական ձեր ու մեր բոլոր դժուարութիւնները, տագնապները, մտահոգութիւնները: Հէքիաթային աշխարհի մը մէջ ապրելու բախտը չունենալով, գիտենք, որ մեր մաղթանքները կրնան լիովին չիրականանալ: Գիտենք, որ դառնութիւններ ու յուսախաբութիւններ կրնան դարանակալ սպասել՝ որեւէ պահու իրենց տգեղ դէմքը ցոյց տալու մեզմէ իւրաքանչիւրիս:
Այսուհանդերձ, «Ասպարէզ» կրնայ խոստանալ, որ իր էջերէն դուք պիտի զգաք՝
մեր անխառն ուրախութիւնը՝ ի տես ձեր յաջողութեան
մեր անկեղծ սրտակցութիւնը ձեր ցաւերուն ու վիշտերուն
մեր ամբողջական զօրակցութիւնը ձեր անհատական նախաձեռնութիւններուն
մեր պատրաստակամութիւնը հայ քաղաքական մտքի փայլատակումները հաւաքելու ու փոխանցելու ձեզի
«Ասպարէզ»ի էջերէն մենք պիտի շարունակենք ձեզ հաղորդակից պահել հայ աշխարհին հետ, պիտի քրքրենք ու պրպտենք այդ աշխարհի բոլոր անկիւնները, ձեզի հասցնելու համար արժանահաւատ տեղեկութիւններ՝ բոլորս շահագրգռող իւրաքանչիւր իրադարձութեան մասին:
Նոր Տարին եռանդով, խանդով ու խանդավառութեամբ սկսելու տրամադրուած ենք եւ պատրաստ ենք վարակել նաեւ ձեզ: Նոր ծրագիրներով կ՛ուզենք ներկայանալ ձեզի, նոր էջերով հարստացնել թերթը, նոր մօտեցումներով թարմացնել սիւնակները:
Միասին մենք պիտի ջանանք այս Նոր Տարին դարձնել յաջողութիւններով լի, իրագործումներով յագեցած ժամանակաշրջան մը:
Հաւատանք մեր ուժին: