ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան 2009 տարեշրջանի գործունէութիւնը եզրափակուեցաւ պատմական գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, որ ամանորեայ լաւագոյն նուէրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին: Այսպէս, Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2009ի յետ միջօրէին, ՀՄԸՄի Իկըլ Ռաքի Գոլորատօ պողոտայի 2324 հասցէն ժամադրավայրը դարձած էր շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամ-անդամուհիներուն, վարչական կազմերուն, մարզական խումբերուն, մեծ թիւով արի-արենոյշներուն, պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, համակիրներու եւ բազմաթիւ հիւրերու:
Շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի երազանքը իրականացնող նոր կեդրոնի բացումն էր, որ յատուկ հանդիսութեամբ կը կատարուէր, մեծապէս յուսադրելով ՀՄԸՄական երիտասարդութիւնը:
Եռուզեռի մէջ էր ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը: Գեղեցիկ զարդարուած բակ փութացած էին բազմաթիւ ՀՄԸՄասէրներ եւ հիւրեր, որոնք հիւրընկալուեցան Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ժամը 3:30ին, դրօշակի արարողութեամբ, զոր կատարեց մասնաճիւղերու արի-արենոյշներէ կազմուած սկաուտական դրօշակախումբը, գլխաւորութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Թալին Հինտոյեանին:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները նուագեցին Շրջ. վարչութեան հովանաւորած նուագախումբը:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄի նոր կեդրոնի շինարարական յանձնախումբի անդամներէն Վիգէն Դաւիթեանը, որ դրօշակի ոգեւորիչ արարողութենէն ետք, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, պահը պատմական հանգրուան բնորոշեց, որովհետեւ բացումը կը կատարուէր միութենական կեանքի յաջողութեան կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը նկատուող, ՀՄԸՄի սեփական եւ յարմարաւէտ կեդրոնին: Ապա, ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յարութ Մանուկեան, Յարութ Տօնոյեան եւ Գօգօ Թոփալեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ներսէս Մելքոնեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան եւ փոխ-ատենապետուհի Արուս Մելքոնեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հոզէ Հիւզար, ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի Շրջանային վարչութեանց անդամներ, Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահներ ու տիպար ՀՄԸՄականներ:
Այնուհետեւ անդրադառնալով ՀՄԸՄի տեսլականի հանդէպ ցուցաբերուող հաւատքին ու աշխատանքային ընթացքին, եղբայրը ներկայացուց կեդրոնի շինարարութեան մանրամասնութիւնները:
«ՀՄԸՄի յաջողութեան երկու կարեւոր գաղտնիքները շարունակականութիւնը եւ փոփոխութիւնն են: Շարունակականութիւնը՝ անցեալի արժէքներու եւ փորձառութիւններու փոխանցումն է, իսկ փոփոխութիւնը՝ բարելաւելու, նոր գաղափարներ ընդունելու եւ կիրարկելու ձգտումն է, որպէսզի իր բարձրագոյն մակարդակին հասնի ՀՄԸՄը», ընդգծեց Դաւիթեան եւ ապա բեմ հրաւիրեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հոզէ Հիւզարը, որ ողջունելով ՀՄԸՄի մուտքը Իկըլ Ռաքի շրջանը, բարձր գնահատեց անոր առաքելութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու անոր ծրագիրներուն: Ան առ ի գնահատանք շրջանի երիտասարդութեան մարզանքի եւ դաստիարակութեան միջոցաւ մաքուր միջավայր մը ապահովելու կարեւոր գործին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անունով հռչակագիր մը յանձնեց Շրջ. վարչութեան:
Սթիւ Արթինեան ստանձնելէ ետք ակնարկուած հռչակագիրը, փոխանցեց ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան պատգամը: Ան վերջին քանի մը տարիները պատմական բնորոշելով ՀՄԸՄի համար, մատնանշեց արձանագրուած յաջողութիւնները նոր կեդրոններ եւ անձնական բանակավայր ունենալու մարզերէն ներս եւ ըսաւ. «Գրեթէ մէկ դար գոյութիւն ունեցող ՀՄԸՄը, աշխարհի տարածքին ապրող միլիոնաւոր կեանքերու վրայ կրցաւ ազդել: ՀՄԸՄը մաս կը կազմէ ծաղկող մեր մշակոյթին: ՀՄԸՄը երիտասարդ սերունդներ իրար կապած է: ՀՄԸՄը կը զօրացնէ, կը դաստիարակէ եւ կը բարձրացնէ»:
Ապա, անդրադառնալով ՀՄԸՄի գործընթացքին, Արթինեան մատնանշեց այն անսահման կամաւոր ժամերը որոնք ի գործ կը դրուին ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու ղեկավարներուն, կամաւորներուն եւ ծնողներուն կողմէ, չմոռնալով ՀՄԸՄի նուիրատուներու, քոյր կազմակերպութիւններու, համայնքի եւ քաղաքական դէմքերու մնայուն զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը ի նպաստ միութեան վերելքին:
Իսկ մատնանշելով նոր կեդրոնի իրականացման աշխատանքներուն առնչուողներուն, Արթինեան յայտարարեց այն բոլոր յանձնախումբերն ու անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները, ուժն ու փորձառութիւնները ի գործ դնելով իրականութիւն դարձուցին զայն:
Արթինեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար պրն. Քըրք Գրիգորեանին, 1988ին կեդրոնի համար կատարած իր նուիրատուութեան համար, ինչպէս նաեւ այն 119 նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ Կլենտէյլի Ճաքսըն պողոտայի վրայ գտնուող ՀՄԸՄի առաջին կեդրոնի գնումը, որուն վաճառքէն գոյացած գումարով կարելի եղաւ գնել ՀՄԸՄի ներկայ կեդրոնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի երկրաչափական եւ շինարարական աշխատանքները կատարող Datum Group ընկերութեան, Apeline կանաչապատման ընկերութեան, Շրջ. վարչութեան պաշտօնէութեան եւ վերջին չորս շրջաններու Շրջանային վարչութիւններուն, որոնց օգնութեամբ եւ որոշումներուն շնորհիւ, 2200 քառ. ոտք տարածութիւն ունեցող կեդրոնէն կարելի եղաւ տեղափոխուիլ 8500 քառ. ոտք տարածութեան վրայ:
Արթինեան երախտագիտութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան իր գործընկերներուն, իրենց տեսլականին, նուիրուածութեան եւ ծրագրի զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ մասնաճիւղերու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, իր հոգեւոր առաջնորդութեան համար:
Եւ այնուհետեւ Սթիւ Արթինեան յայտարարեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի սենեակներու հովանաւորներուն, խոստանալով, Յունուարին սկսիլ կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահի շինարարութիւնը:
Շրջանի ՀՅԴ ընտանիքի անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յարութ Մանուկեան, որ վեր առնելով ՀՄԸՄի սերունդներ դաստիարակելու ազգանպաստ աշխատանքները, յայտնեց, որ «Հրճուանքով ու հպարտութեամբ ականատես կ՛ըլլանք իր ժողովուրդի ծառայութեան գործին լծուած Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի նորանոր նուաճումներուն, անդամներու թուական աճին, գործունէութեան առաւել եւս որակական նուաճումներուն, մասնաճիւղերու նոր կեդրոններու եւ մարզադաշտերու ստեղծումին, սեփական բանակավայրով օժտուելուն, եւ ահա այսօր, այդ բոլոր աշխատանքներու ղեկավար գերագոյն մարմնի՝ Շրջանային վարչութեան նոր գրասենեակի հիմնումին»:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, որ իր շնորհաւորական ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Քըրք Գրիգորեանին եւ կեդրոնի հիմնադիր անդամներուն, յատկապէս ակնարկելով անոնց կարգին եղած, սակայն մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած հանգուցեալ Քերոբ Առաքելեանն ու Ժիրայր Պօյաճեանը, որոնք եւս իրենց առաւելագոյն ներդրումը բերած են ՀՄԸՄի կեդրոն մը ունենալի ծրագրի իրականացման:
Պալեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բարերարներուն, որոնք կը հովանաւորեն կեդրոնի սենեակներն ու սրահը:
Իր օրհնութիւններն ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան շնորհաւորանքները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Առաջնորդ հայրը ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան նոր կեդրոնի բացումը տարուան մեծագոյն նուէրը նկատեց նոր սերունդին, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ 2009 տարեշրջանը Արամ Ա. Հայրապետի կողմէ ձօնուած էր Հայ երիտասարդութեան:
«Այս օրը անմոռանալի օր մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ՀՄԸՄ իր ազգային առաքելութեամբ, իր մեղուաջան աշխատանքով, անկարելին կարելի դարձնելու չափ ազնուական եւ մասնագիտական մօտեցումով իր առաքելութիւնը ի սպաս կը դնէ մեր ժողովուրդի վերելքին համար: Այո ՀՄԸՄը կը զօրացնէ մեր նոր սերունդը, հոգեկան արժէքներով եւ ներուժով: ՀՄԸՄը կը դաստիարակէ մեր մատղաշ սերունդը, անոր ջամբելով բարոյական արժէքներ եւ մարդկային գնահատելի բարեմասնութիւններ: ՀՄԸՄ կը բարձրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որովհետեւ գիտէ մանր-մանր հաշիւներէն վեր մնալով մեծութեան, առաքինութեան, առաքելութեան եւ Բարձրացիր, Բարձրացուր նշանաբանով բարձրացնել մեր ժողովուրդի կորովը, մեր ժողովուրդի կամքը», ընդգծեց առաջնորդը:
Այնուհետեւ, հաւաքական Տէրունական աղօթքով եւ կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկիզբ առաւ կեդրոնի բացման արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Հօր եւ Վազգէն քնհյ. Աթմաճեանի, որուն յաջորդեց ժապաւէնի հատումը, զոր կատարեցին Առաջնորդ Հայրը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Գօգօ Պալեանը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հոզէ Հիւզարն ու Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը:
Այնուհետեւ, հերթաբար եւ համապատասխան աղօթքով տեղի ունեցան ժապաւէնի հատումները հետեւեալ սենեակներուն.
* Կեդրոնի նախասրահը նուիրուած է տոքթ. Վարուժան Սահակեանի եւ տոքթ. Ալին Սահակեանի յիշատակին
* Շրջ. վարչութեան ժողովատեղին՝ Յովհաննէս Ճանիկ Խաչատուրեանի յիշատակին
* Վարչական աշխատանքներու գրասենեակը՝ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկ. Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեաններուն
* Շրջ. վարչութեան պաշտօնէութեան գրասենեակը՝ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի երկարամեայ զօրակցող Աշխէն Փիլաւճեանին
* ՀՄԸՄի պատմական թանգարանը՝ Շրջանի առաջին Շրջ. վարչութեան ատենապետ Յակոբ Օվայեանի յիշատակին
* Շրջ. վարչութեան հաշուապահական գրասենեակը նուիրուած էր շրջանի փողերախումբի հզօրացման մասնակից անդամներէն Յակոբ Պոսնոյեանի յիշատակին
* Օրհնուեցաւ նաեւ նորոգութեան մէջ գտնուող կեդրոնի սրահը, որ տիկ. Ալիս Անտոնեանի հովանաւորութեամբ նուիրուած է իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Գէորգ Անտոնեանի յիշատակին: 4000 քառակուսի ոտք տարածութեամբ այս կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները պիտի աւարտին 2020ի ամրան եւ այնուհետեւ ան պիտի տրամադրուի շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ ինչո՞ւ չէ գաղութին:
Այնքան սպասուած բացման տպաւորիչ այս արարողութենէն ետք, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ յատուկ հիւրասիրութեամբ, որու ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան շրջելու կեդրոնը եւ ծանօթանալու անոր մանրամասնութիւններուն: Շրջ. վարչութեան եւ յանձնախումբերու անդամ-անդամուհիները սիրով պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
Պատմական այս ձեռնարկին յաջորդեց Շրջ. վարչութեան կազմակերպած մասնաճիւղերու ամանորեայ հաւաքոյթը: