ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթին մէջ Սիպէլ Օրալ յօդուած մը հրատարակած է Էտուարտօ Կալէանոյի «Հայելիներ» անուն գիրքին մասին։ Կալէանօ այս գիրքին մէջ պատմութիւնը կարծես ծայրէն կը գրէ ու կ՛ընէ նոր ու անսովոր մեկնաբանութիւններ։ Գլխաւոր հարցադրումն ալ հետեւեալն է. «Մարդկութիւնը ընկերային մոռացկոտութեան մը գագաթնակէտին վրա՞յ է արդեօք»։
Գիրքը որ այժմ թրքերէնի ալ թարգմանուած է «Այնալար» անունով, կարելի է շարունակութիւնը նկատել Ալպէր Քամիւի ծանօթ այն մտածումին, թէ «Մարդկութիւնը բոլորովին յանցաւոր չէ որովհետեւ ան չէ որ սկիզբ տուաւ պատմութեան, բայց բոլորովին ալ անմեղ չէ, որովհետեւ կը շարունակէ ապրեցնել պատմութիւնը»։
Գիրքին մէջ հեղինակը կը քննարկէ հարիւրաւոր նիւթեր, որոնցմէ մէկն ալ այն տեսութիւնն է թէ անտարբերութիւնը մոռացկոտութեան ազգականն է։ Այս գլուխին տակ ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին։
«Օսմանեան կայսրութիւնը բաժան բաժան կ՛ըլլար ու դդումը պայթեցաւ հայերու գլխուն վրայ», կ՛ըսէ Կալէանօ որ կը պատմէ թէ կառավարութեան կողմէ պատրաստուեցաւ մահուան ալիք մը, որու ընթացքին հայ ժողովուրդը կիսովին իր կեանքը կորսնցուց։
«Թալանուած ու հրկիզուած տուներ, անօթի ծարաւ անվերջանալի ճամբաներու վրայ դրուած կարաւաններ, գիւղերու հրապարակներու վրայ օր ցերեկով բռնաբարուած կիներ, գետերու մէջ լողացող մարդկային դիակներ»։ Այս բառերով է որ կը նկարագրէ պատկերը եւ դիտել կուտայ որ Թուրքիայէն վտարուած ու սպաննուած հայերը աւետաբերը եղան Հիթլէրի կազի սենեակներու ու կեդրոնացման ճամբարներու։ Հիթլէր, երբ Լեհաստանը կը գրաւէր, գիտէր որ նախ բաւական աղմուկ պիտի բարձրանար, բայց յետոյ շուտով պիտի մոռցուէր։ Այս մասին կը վստահեցնէր իր շուրջինները։ Յիշեցնելով թէ հայերը ինչպէս վտարուած էին Թուրքիայէն, ան հարց կուտար իր խորհրդականներուն. «Այսօր կա՞յ մէկը որ հայերը յիշէ»։
Նշենք, որ Էտուարտօ Կալիանօ ծնած է Մոնթէվիտիօ, Ուրուկուէյ: Ան Լատին Ամերիկեան ամէնէն յայտնի գրողներէն է: