Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Թուրք մտաւորական Թաներ Աքչամ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հաւանութեամբ Անթիլիաս ժամանելով 3 Յունուար 2010ին, սկսաւ Լիբանանի մէջ իր դասախօսական ելոյթներուն:
Երկուշաբթի, 4 Յունուարին, մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դոկտ. Աքչամի առաջին հանդիպումը լիբանանահայութեան հետ՝ նախագահութեամբ վեհափառին:
Հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր, հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ, լիբանանցի թէ լիբանանահայ մտաւորականներ, մարդկային իրաւանց յատուկ կեդրոններու պատասխանատուներ եւ ազգային կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքը կատարեց Խաչիկ Տէտէեան՝ շեշտելով եզակի այն առիթը, որ թուրք մտաւորականը դէմ յանդիման կը դնէ լիբանանահայութեան հետ: Կենսագրական ամփոփ տուեալներ ներկայացնելէ ետք ան յայտնեց, թէ դոկտ. Աքչամ այն թուրք մտաւորականն է, որ հակառակ թրքական պետութեան յամառ ուրացումներուն, հրատարակութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ կը նկատէ:
Թաներ Աքչամի դասախօսութեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր»:
Աքչամ իր դասախօսութիւնը չորս հիմնական մասերու բաժնած էր.
1.- Առաջին կէտով դոկտ. Աքչամ բացատրեց, թէ Թուրքիոյ համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազգային անվտանգութեան հարց է: Ան ըսաւ, որ այս կացութիւնը փակ օղակի վերածած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման կենսական հարցը, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը այդ օղակէն կը դիտէ ճանաչման ու հատուցման հարցը:
2.- Երկրորդ՝ յիշելով պատմական անցեալը, Աքչամ վկայակոչեց արդի Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի խօսքը հայ ժողովուրդին դէմ գործուած անարդարութեան մասին, երբ ան վերյիշելով կատարուածը, զանիկա կոչած էր «այս ամօթալի արարքը»: Արտայայտութիւն մը, որ Աքչամ իր առաջին հատորին խորագիր իբրեւ ընտրած էր՝ ներկայացնելու համար իր տեսակէտը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Դոկտ. Թաներ Աքչամ ըսաւ, թէ Քեմալ իր այդ «խոստովանութեամբ» արդէն իսկ խորք մը, ենթահող մը տուած էր թրքական պետութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով յանդուգն քայլ մը առնելու: Ան ըսաւ, թէ դժբախտաբար իր երկրին պետութիւնը տակաւին չի կրնար օգտագործել այդ առիթը, եւ ընդհակառակն՝ օրէ օր աւելի ետքայլ կը կատարէ:
3.- Երրորդ՝ դոկտ. Աքչամ խօսելով Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական կացութեան մասին, յայտնեց որ այնտեղ երկու տիրապետող ուժեր գոյութիւն ունին՝ բանակը եւ տիրող իշխանութիւնը: Իր տեսակէտը այն էր, որ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ ժողովրդավարական կարգերուն, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով քայլ մը առնելու:
4.- Վերջապէս, դոկտ. Աքչամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդրայարոյց հարցին: Ան այս մասին իր թէզը հիմնաւորելով ըսաւ, թէ նման անդամակցութիւն մը աւելի նպաստաւոր կրնայ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, երբ միեւնոյն միութեան տարբեր երկիրները կրնան ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու պատմութեան ընթացքին իր կատարած ամօթալի արարքը:
Եզրակացնելով իր դասախօսութիւնը՝ Թաներ Աքչամ անգամ մը եւս վերահաստատեց իր տեսակէտը՝ ըսելով, որ Թուրքիոյ պետութիւնը անյապաղ պէտք է ճանչնայ իր կատարած Ցեղասպանութիւնը եւ ուրացման իւրաքանչիւր քայլ ի վնաս Թուրքիոյ պետութեան նկատեց ան:
Քանի մը հարցումներու պատասխանելէ ետք, դասախօսը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, իրեն ընծայուած այս առիթին համար:
Վեհափառը իր եզրափակիչ խօսքը սկսաւ հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Կրնայի՞ք երեւակայել, որ մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակը իր վիզին պարտք ունեցող Հայոց կաթողիկոսը, եզրափակիչ խօսքը կատարէր թուրք մտաւորականի մը տուած դասախօսութեան, ա՛յն սրբավայր մայրավանքին մէջ՝ ուր տակաւին անթաղ կը մնան իր ցեղի անմեղ զոհերուն աճիւնները, ամփոփուած աշխարհի առաջին յուշարձան-մատրան մէջ»: Վեհափառը տարօրինակ այս երեւոյթին մէջ տեսաւ անձի մը կեցուածքը, որ կրցած էր իր պետութեան տեսակէտէն տարբեր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ճշմարտութեան կողմակից ըլլալ, իր կատարած հրատարակութիւններուն ճամբով եւ այլապէս:
Վեհափառը հետեւեալ չորս կէտերը արծարծեց իր եզրափակիչ խօսքին ընթացքին.
1.- Ան մարդկային իրաւանց եւ ազգային անվտանգութեան ըմբռնումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բախումը մատնանշեց՝ աւելցնելով, որ նման մօտեցում մը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Ուստի ըսաւ, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, պէտք է նոր մօտեցումներ որդեգրէ Թուրքիան՝ դուրս գալու համար զինք կաշկանդող փակ օղակէն:
2.- Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւն ըլլալը, որմէ խուսափում չունին թէ՛ Թուրքիան, եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքը: Լաւագոյնը՝ պատմական սխալը ճանչնալով, անոր սրբագրութեան հետամուտ ըլլալն է, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
3.- Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով հայ ժողովուրդի զգացումներուն մասին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ անիկա տարուան մէջ մէկ օրուան հարց չէ, այլ ամէնօրեայ տագնապ է հայ ժողովուրդին համար: Ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնը կարելի չէ՛ մէկ օրէն միւսը մոռացութեան մատնել, ո՛չ ալ բացուած խոր վէրքը կարճ ժամանակուան մէջ ամբողջութեամբ բուժել, ըսաւ վեհափառը:
4.- Վերջին կէտով, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ-թրքական յարաբերութեանց բնականոնացման ակնարկեց՝ շեշտակիօրէն ընդգծելով «բնականոնացում» եւ «հաշտութիւն» եզրերուն տարբերութիւնները: Մինչ առաջինը պետութեանց միջեւ քաղաքական պայմանագիրներու խնդիր է, ըսաւ ան, երկրորդը՝ ժողովուրդի դառն յիշողութեան սրբագրութիւնն է, սակայն՝ սխալին ընդունման հետեւող գործընթաց իբրեւ: «Քրիստոնէական կրօնին ուսուցած առաքինութիւններէն մէկն է ներում շնորհելը: Սակայն, ներումը կը հետեւի սխալը գործողին, իր կատարած սխալին ընդունման, խոստովանութեան, զղջումին ու դարձին», եզրակացուց վեհափառը: