Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2009ի կ. ա. ժամը 10:30ին Լա Քրէսէնթա Հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի նոր տարուան յատուկ հանդէսը։ Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ալին Հապէշեանի եւ վարժարանի պատասխանատու Մարինա Տէր Սարգիսեանի կողքին, իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութիւնն ու իրենց ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, բարեկամները, եւ աւելի քան 100 հաճելի ու հետաքրքիր բազմութիւն մը:
Օրուան հանդիսավար՝ վարժարանի ուսուցչուհի Մարի Թիւթելեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքով կատարեց հանդէսին բացումը: Վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան նախ իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց ծնողներուն, ապա մեծապէս գնահատեց վարժարանին հանդէպ անոնց հաւատքն ու յարգանքը, եւ մանաւանդ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքը, վստահութիւնն ու անսակարկ զոհաբերութիւնը:
Ապա աշակերտները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ դասարանի կարգով սրահ մուտք գործեցին: Հադիսավար Թիւթելեանի առաջնորդութեամբ հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան կողմէ Տէրունական աղօթքով, «Մեր Հայրենիք»ով եւ աշակերտական ուխտով, ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհի Նոյեմի Լոխմանեանի:
Ապա աշակերտները երգեցին «ՀՕՄի Վարժարան» վարժարանի քայլերգը, խօսք՝ տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի, երաժշտութիւն՝ Արմէն Մանդակունեանի:
Յաջորդեց ծրագրուած յայտագիրը, որուն սկիզբին սրահ ժամանեց Կաղանդ պապան, որ իր ծանրաբեռնուած նուէրներով պարեց ու ցատքեց, գրաւելով յատկապէս փոքրերուն ուշադրութիւնը: Հետաքրքրական էր տեսնել, Կաղանդ պապային կամ Ձմեռ պապուկին ներկայութեան փոքրերէն մինչեւ մեծահասակ բոլոր աշակերտներուն անօրինակելի ուրախութիւնը: Անոնք իրենց դասարաններու կարգով կատարեցին խմբային թէ առանձին զանազան արտասանութիւններ, մանկական եւ կաղանդի ու ծննդեան յատուկ երգեր: Աւելի հետաքրքրական էր նաեւ ականատես ըլլալ ներկաներու եւ յատկապէս ծնողներու արտայայտութիւններուն եւ ուրախութեան բացականչութիւններուն ի տես իրենց զաւակներուն անմեղ, գրաւիչ կերպով հրամցուած ծրագրին:
Յայտագրին, Գարոլին Մարգարեան սրինգով, եւ Փաթիլ Յակոբեան փողով նուագեցին հայկական ստեղծագործութիւններ իսկ Քրիստին Մաթոսեան հրամցուց պալէ մը, որուն յաջորդեց Ամանտա Պօզիկեան, որ մեքսիքական տարազով պարեց սպանական պար մը:
Յայտագրի վերջին, տնօրէն Պետիկեան խօսք առնելով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի տեղւոյն վարչութեան, ու յատկապէս վարժարանի յանձնախումբի պատասխանատու Մարինա Տէր Սարգիսեանին, որ վարժարանի հիմնադրութենէն ի վեր խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով ՀՕՄուհի իր գործընկերուհիներուն հետ միատեղ կը հոգայ այս վարժարանի բոլոր կարիքները, հաւատալով որ հայապահպանման հիմնական պայքարը հայ դպրոցով կը սկսի:
Տնօրէնը նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան համար ամէն ջանք կը թափեն: Ապա մէկ առ մէկ յիշեց ուսուցչական կազմի անդամները՝ Մարօ Գույումճեանը, Մարօ Թիւթելեանը, Լիզա Պետիկեանը, Մայտա Գոճանեանն ու Նոյեմի Լոգմանեանը եւ սիրայօժար ու կամաւոր կերպով օգնող պատանիները՝ Այտա Պապայեանը, Բալիկ Գոճանեանը, Նայիրի Սվաճեանն ու Մարիա Պոյաճեանը, որոնց շնորհիւ կը կիրարկուի ուսումնական ծրագիրը: Գէորգ Պետիկեան յիշեց թէ ՀՕՄի վարչութիւնը, այս տարի գնահատագրով մը կը պատուէ վարժարանի ուսուցչուհիներէն՝ Մարի Գույումճեանը առ ի երախտագիտութիւն իր ծառայութեան: Այս առթիւ տիկին Գույումճեան բեմ հրաւիրուելով ատենապետուհի Հապէշեանէն ստացաւ իր գնահատականը:
Յայտագրի աւարտին ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ալին Հապէշեան, իր պաշտօնական խօսքին մէջ նախ բարձրօրէն գնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, դրսեւորեց տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի ուսումնական մարզին մէջ ունեցած փորձառութիւնը եւ ապա մեծապէս գնահատեց իբրեւ ուսուցիչ անոր վարժարանի վերելքին ու ուսումնական մակարդակին նկատմամբ տարած անսակարկ աշխատանքը: Ատենապետուհին մեծապէս գնահատեց նաեւ վարժարանի ուսուցչական կազմին ու յատկապէս տնօրէնի աշխատանքն ու ճիգերը եւ միաժամանակ շեշտեց ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւններէն մէկուն՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար յատկապէս տարուած աշխատանքներն ու զոհողութիւնները: Ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, անոնց այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու ներդրումին, օժանդակութեան եւ վստահութեան:
Իր կարգին Կաղանդ պապան բոլոր աշակերտներուն եւ սրահը ներկայ գտնուող փոքրերուն մէկական նուէրներ յանձնեց: Այս բոլորը անսովոր ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառեց սրահի բոլոր ներկաներուն:
Խանդավառ, ուրախ եւ զուարթ, հայկական մշակութային հարուստ մթնոլորտով լեցուն յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտին, ծնողները անձամբ մեծապէս գնահատեցին տարեկան այս ելոյթը:
Վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն:
(Թղթակցութիւնը՝
Շաբաթօրեայ Յանձնախումբի կողմէն)