ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Անցնող տարուան ընթացքին տնտեսական ճգնաժամի բացասական ազդեցութիւնը, ըստ անշարժ գոյքի կալուածագիրներու (քատասդրի) պետական կոմիտէի նախագահ Երուանդ Զախարեանի, յատկապէս սուր կերպով զգացուած է անշարժ գոյքի շուկային մէջ, ուր կատարուած գործարքները նախորդ տարուան համեմատ նուազած են աւելի քան 25 տոկոսի չափով եւ պահանջարկի կտրուկ անկման հետեւանքով՝ բնակարաններուն գիները նուազած են շուրջ 10 տոկոսով:
երեւանի նախկին քաղաքապետ Զախարեանի հաւաստումով, թէեւ վիճկագրութիւնը այնքան ալ յուսադրող չէ, սակայն տարեվերջի պաշտօնական գնահատականներուն համաձայն, անշարժ գոյքի շուկային մէջ նկատուած է որոշ աշխուժացում, որ կը մղէ ոլորտի պատասխանատուները կարծելու, որ այս տարի անշարժ գոյքի շուկան վերջնականապէս պիտի ազատուի ճգնաճամի բացասական ազդեցութենէն: Նշենք, սակայն, որ անշարժ գոյքի առեւտուրով զբաղող մասնաւոր կազմակերպութիւնները տակաւին չեն նկատեր որեւէ աշխոյժացում:
«Վերջին մէկ-երկու ամիսների ընթացքում շուկային կայունացման փրոցես (գործընթաց-Խմբ.) է նկատւում եւ կայ դրական միտում: Ես համոզուած եմ, որ կայունացման պրոցեսը կը շարունակուի եւ մենք կ՛ունենանք դրական տեղաշարժ շուկայում», լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է անշարժ գոյքի կալուածագիրի պետական կոմիտէի նախագահը, որուն յայտարարութիւնը զարմացուցած է անշարժ գոյքի առք ու վաճառքի «Սլակ» գործակալութեան աշխատակից Նարինէ Կիրակոսեանը:
«Աշխուժութիւն չկայ: Նայում են ու չեն գնում: Շուկայական գները սթապիլ (կայուն-Խմբ.) են փոփոխութիւն չկայ: Մարդիկ էլ տարակուսանքի մէջ են, չգիտեն վաղն ինչ է լինելու, այսօր էլ պատրաստ չեն իրենց բնակարանները ջրի գնով տալու», յայտնած է Ն. Կիրակոսեան եւ վսատհեցուցած, որ անցեալ տարեսկիզբին իջած գիները մնացած են նոյն մակարդակի վրայ, քանի որ շուկան արդէն ամիսներ շարունակ եղած է սպասողական թմբիրի մէջ:
«Քառակուսի մեթրը 1000 տոլարից ցածր գոյութիւն չունի: Կենտրոնում ես ունեմ 1 քառ. մեթրը 1000 տոլար արժողութեամբ բնակարան, նայող չկայ վրան, որովհետեւ մարդը մտածում է, որ վաղը կարող է էժանանալ, իսկ ծայրամասերում 700-800ի է հասնում», ըսած է «Սլակ»ի աշխատակիցը:
Ըստ Երուանդ Զախարեանի, տնտեսական ճգնաժամը խարխլած է տնտեսական երկնիշ աճ ապահովող հայաստանեան շինարարական բուրգին հիմքերը, եւ անկումը դադրեցնելու նպատակով՝ անցեալ տարուայ ընթացքին կառավարութիւնը փորձած է աշխուժացնել յատկապէս շինարարութիւնը՝ կառուցապատողներուն տրամադրելով 20 միլիառ դրամի (շուրջ 52 միլիոն տոլար) պետական երաշխիք:
Արդէն իսկ կառուցուած շէնքերուն մէջ, գործակալութեան ներկայացուցիչին հաւաստումով՝ բնակարանները այնքան ալ մեծ պահանջարկ չեն վայելեր եւ պատճառը վարկային շուկայի չկայացած ըլլալն է, որուն մասին գիտէ նաեւ կառավարութիւնը:
«Այստեղ նաեւ կառավարութիւնը՝ բոլորս շատ գործ ունենք անելու, յատկապէս բանկային համակարգը: Հնարաւորութեան դէպքում վերանայելու հիփոթեքային վարկերի տոկոսադրոյքի չափերը, ժամկետային առումով, ի հարկէ նաեւ բանկերի ռիսկայնութիւնը նուազեցնելու առումով, հիփոթեքային վարկերի վերադարձման յստակ մեխանիզմներ», հաստատած է Երուան Զախարեան եւ աւելցուցած, որ եթէ կառավարութիւնը յաջողի իրականացնել «հիփոթեքային» շուկային մէջ նախանշուած բարեփոխումները, անշարժ գոյքի շուկայի աշխուժացման շուրջ կանխատեսումները, հաւանական է, որ այս տարի իսկապէս իրականանան, «քանի որ մատչելի բնակարանային ֆոնտի պահանջարկը մեր երկրում բաւական մեծ է», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.