ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 7ին Երեւանի մէջ վախճանած է անուանի արձակագիր, հրապարակախօս 93 ամեայ Անահիտ Սահինեան, որ հեղինակ է շարք մը վէպերու եւ վիպակներու։
Անահիտ Սահինեան ծնած է 1917ին, Ստեփանաւանի շրջանի (Լոռիի մարզ) Վարդաբլուր գիւղը: Աւարտած է Երեւանի շինարարական դպրոցը եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը: 1942-58 աշխատած է «Հայպետհրատում»ի մէջ՝ իբրեւ մանկապատանեկան գրականութեան բաժնի վարիչ: 1969-87 եղած է «Պիոնէր» ամսագրի խմբագիրը: Հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ մանկական ստեղծագործութիւններ: «Խաչուղիներ» (1946), «Ծարաւ» (1954), «Թախիծ» (2 հ., 1974-1981) վէպերու, «Վայելք» (1942), «Նունուֆար» (1994), «Սեփական հետքերով» (2000) պատմուածքներու, ինչպէս նաեւ պատմուածքներու ու թատերախաղերու «Զիգզագ» (1976) գրքի հեղինակ է: Անահիտ Սահինեան 1981ին «Ծարաւ» վէպի համար արժանացած է խորհրդային Հայաստանի պետական պարգեւին: