ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պուլկարիոյ պետական նախարար Պոժիտար Տիմիթրով վերջերս լարուածութիւն ստեղծեց Թուրքիա-Պուլկարիա յարաբերութիւններուն մէջ, երբ Թուրքիայէն պահանջեց 10 միլիառ տոլարի փոխ հատուցում մը, 1913ին Թուրքիայէն հեռանալու պարտաւորութեան տակ մնացած պուլկարներու ձգած կալուածներուն ու ինչքերուն փոխարէն։ «Եթէ Թուրքիա այս հատուցումը չվճարէ, Պուլկարիա պիտի ընդդիմանայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան», ըսաւ ան։
Պուլկարիոյ անունով ներկայացուած այս պահանջքին դիմաց, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաuութօղլու դիտել տուաւ, որ այդ շրջանին երկու միլիոն թուրք Պուլկարիայէն Թուրքիա գաղթել ստիպուեցան։ «Այսպիսի հարցերու արծարծումը այժմ կը խանգարէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, մինչդեռ յարաբերութիւններուն լաւ ըլլալը կը նպաստէ երկու երկիրներու շահերուն», պնդեց ան։
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ պուլկար նախարարին ելոյթը կապ չունէր կառավարութեան հետ, որովհետեւ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով յայտնեց, թէ Թուրքիայէ հատուցում պահանջելու որոշում մը առնուած չէ ոչ կառավարութեան կողմէ եւ ոչ ալ խորհրդարանէն, ուստի այսպիսի հարցի մը արծարծումը պետական նախարարին անձնականը կը նկատէ:
Վարչապետը յայտնեց, թէ այս մասին երկու անգամ խօսած է նախարարին հետ ու անկէ պահանջած է, որ հրաժարի կառավարութիւնը նեղ կացութեան մատնելու կոչուած նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէ։