Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յաճախ կը հանդիպինք հիւանդներու, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ այն ախտանշանները, որոնք լուրջ հետեւանքներ կրնան ունենալ եւ ըստ այնմ անտեսելու չենք զանոնք։ Լուսաբանելու համար հետաքրքիր հիւանդները կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն կարեւոր ախտանշաններուն, որոնք բոլորին կողմէ ուշադրութեան արժանանալու են եւ որոնք կը կարօտին բժշկական անմիջական եւ շտապ խնամքի ։
1. Աննախատեսելի եւ անբացատրելի արագ կշիռքի կորուստ, այսինքն՝ նիհարնալ։ Այլ խօսքով երբ անհատ մը իր ծանրութեան 5%ը կը կորսնցնէ մէկ ամսուայ ընթացքին եւ կամ 10%ը 6-12 ամիսներու ընթացքին։ Այս երեւոյթին հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները՝ շաքարախտ, գերգործող վահանագեղձ, հոգեբանական խանգարում, ընկճուածութիւն, ծայրահեղ ծոմապահութիւն եւ ջրազրկում, լեարդի որոշ հիւանդութիւններ, եւ քաղցկեղի գոյութիւն մարմնի որոշ մէկ օրկանին մէջ։
2. Մնայուն գերջերմութիւն (high fever), այլ խօսքով երբ մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացումը 10 օրերէ աւելի տեւէ։ Մեր մարմնի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ ժահրային որեւէ վարակի պարագային. սակայն այս գերջերմութիւնը կ՛անհետանայ քանի մը օրեր ետք եւ ենթական կը վերագտնէ իր բնական վիճակը։ Երկարատեւ գերջերմութիւնը կը յառաջանայ շատ մը հիւանդութիւններու պարագային, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
Ուղեղային, միզային եւ թոքային հազուագիւտ ժահրային ու մանրէական վարակներ, սուր ջրազրկում, քաղցկեղի որոշ տեսակներ եւ lymphoma։
3. Անակնկալ շնչարգելութիւն եւ կամ շնչահեղձութիւն մանաւանդ մանուկներու եւ տարեցներու մօտ։ Շնչահեղձութեան կրնայ ուղեկցիլ խաժամթութիւն (cyanosi) այսինքն՝ կապուտնալ։ Այս երեւոյթին հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները. ազմ, մղձկահազ (croup), կապոյտ հազ (whooping cough), անցկութիւն, սրտի հիւանդութիւններ, սուր թոքատապ, թոքի քաղցկեղ, հոգեբանական խանգարումներ, օտար մարմինի մը գոյութիգւնը շնչարական համակարգին մէջ: Անակնկալ շնչարգելութեան կրնայ ուղեկցիլ ձայնաւոր շնչարութիւն, որ նկատի առնուելու է:
4. Անակնկալ եւ անբացատրելի ստամոքսային եւ աղիքային խանգարումներու ախտանշաններ՝ պնդութիւն, փսխունք, նողկանք, փորի սուր ցաւ, սուր փորհարութիւն, արիւնոտ եւ կամ սեւ կղկղանք, որոնք կրնան յառաջանալ հետեւեալ հիւանդութիւններու պատճառով՝ ստամոքսի եւ աղիքներու սուր բորբոքում, թունաւորում, հաստ աղիքի քաղցկեղ, ստամոքսի սուր խոց եւ քաղցկեղ:
Մանրէական բորբոքբւմներէն կարելի է յիշել «սալմօնելլա»ն: Բժիշկին դիմելու ենք շուտով հետեւեալ պարագաներուն.
1. Երկու օրերէ աւելի տեւող սուր փորհարութեան եւ կամ մէկ շաբաթէ աւելի տեւող մեղմ բորարութեան պարագային.
2. Երկու շաբաթէ աւելի տեւող պնդութեան պարագային
3. Արիւնոտ փորհարութիւն
4. Մութ գոյն եւ կամ սեւ կղկղանք
5. Մոխրագոյն եւ կամ ճերմակ կղկղանք
5. Անակնկալ մտային կարողականութեան փոփոխութիւն եւ վատթարացում՝ մորացկոտութիւն, կեդրոնացումի պակաս, տեսողական եւ լսողական զգայախաբէութիւն (hallucination), հակասական մտածողութիւն, շփոթութիւն, անորոշութիւն։ Այս ախտանշաններուն հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ շաքարախտ, շաքարի նուազում, ուղեղային հարուած, ուղեղային արիւնահոսում, ուղեղային զարկերակային խցում, ուղեղային կաթուած, հոգեբանական սուր խանգարումներ, հիւանդագին մոռացկոտութիւն (dementia)։
6. Անակնկալ սուր գլխացաւ մանաւանդ տարեցներու մօտ։ Պարզ գլխացաւը քանի մը օրերու ընթացքին կ՛անհետանայ եւ անհատը կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը։ Գլխացաւը մեր ուշադրութիւնը գրաւելու է, երբ ան պարզ տնային միջոցառումներով չանհետանար եւ կամ անոր կ՛ուղեկցի նաեւ շարունակական փսխուք, վիզի պրկուածութիւն, խօսելու դժուարութիւն, ոտքերու եւ թեւերու տկարութիւն, քալելու անկարողութիւն, մարմնական ընդհանուր թուլութիւն, զգայնութեան տկարացում. բարձր ջերմաստիճան։ Այս պարագաներուն հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ գլխու եւ ուղեղի հարուած-վնաս, ուղեղային կաթուած, ուղեղային արիւնահոսում, ուղեղատապ եւ ուղեղային քաղցկեղ։
7. Անակնկալ տեսողական տկարութիւն եւ կամ կորուստ, զօրաւոր փայլուն կայծակի նման լոյսերու տեսողութիւն. այս բոլորին հաւանական պատճառը կրնայ ըլլալ աչքի ցանցենիի հարուած-վնասում, արիւնահոսում, պատրուածք, տեղաշարժ, բաժանում եւ զարկերակային խցում։
8. Անակնկալ եւ անցողակի-ժամանակաւոր տեսողական դժուարութիւն, խօսելու անկարողութիւն, ոտքերու եւ ձեռքերու մկանային տկարութիւն-թուլութիւն, կակազում, բերանի եւ շրթունքներու անշարժութիւն, դէմքի կաթուած-ծուրութիւն, որոնք կը յայտնուին հետեւեալ պատճառներով՝ ուղեղային կաթուած, արիւնահոսում, զարերակային մասնակի եւ կամ լման խցում։
9. Փսխուք, նողկանք, արիւնախարն փսխուք, կշիռքի կորուստ եւ որովայնի լեցունութիւն նոյնիսկ չափաւոր ուտելու պարագային. ասոնց հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ ստամոքսային սուր խանգարում, քաղցկեղ, խոց, ինչպէս նաեւ շարոյրի սուր բորբոքում եւ քաղցկեղ:
10. Անակնկալ յօդերու կարմրութիւն, ուրեցք, տաքութիւն եւ ցաւ. այս պարագային հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ մանրէական սուր յօդատապ, ռօմաթիզմային սուր յօդատապ (rheumatoid arthritis), սուր կութ (gout)։
Մոնթրէալ
Դեկտեմբեր 22, 2009