ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յիսուսի մտածողութիւնը միշտ հաւասարակշռուած մօտեցում կը ցուցաբերէ այս կեանքի երեւոյթներուն նկատմամբ, արժանապատիւ կերպով կարենալ ապրելու համար Աստուածապարգեւ կեանքը:
Միամիտ բառը, որ գրաբար մեր ոսկեղնիկին մէջ այնքան պատուաւոր տեղ մը ունի եւ այնքան սակաւաթիւ մարդոց համար կարելի է գործածել, աշխարհաբար մեր խօսակցական լեզուին մէջ փարսախներով հեռու է գրաբարեան իր թանկագին իմաստէն: Մինչ գրաբարի մէջ անիկա կը նշանակէ հաստատամիտ անձ, որ դժուար թէ շեղի ճշմարտութենէն ու արդարութենէն, երկրորդ պարագային կը նշանակէ նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ դարձող խեղճ անձ, որ շուտով կը խաբուի, ամէն ինչի եւ ամէն մարդու հաւատք ընծայելով:
Միամիտներու տկարութիւնը ամէնէն աւելի ի յայտ կու գայ իրենց լսածներուն ականջ տալէ ետք, անոնց հաւատք ընծայելուն մէջ: Պատեհապաշտութիւն բառը ճիշդ պիտի չըլլար օգտագործել նման անձերու համար, որովհետեւ ամբողջութեամբ պիտի չարտացոլացնէր այն կացութիւնը որ միամիտ մարդոց ամէնօրեայ վիճակն է: Պատեհապաշտները կամակոր մարդիկ են առաւելաբար, որոնք ստեղծուած տուեալ կացութեան ազդեցութեան տակ կը դիրքորոշուին, գէթ կը կողմնորոշուին, այլ խօսքով կեցուածք մը կ՛արտայայտեն ներկայացուած հարցին գծով:
Միամիտներու նկարագիրը յար եւ նման է չքոտի սողուններու կազմախօսութեան: Անողն այս զեռունները, յատկապէս որդանման գետնաքարշ սողունները, ձգաթելի պէս կÿերկարին ու կը կարճնան, կերպընկալի նման կ՛ուռին ու կը նիհարնան, անզգալաբար կը յառաջանան, իրենց կեցած տեղը կ՛անշարժանան, մէկ խօսքով ամէն ձեւի կը փոխակերպուին, երբեմն իրենց կամքէն անկախաբար, կամ այնպէս ինչպէս «պարտադրէ» իրենց, ա՛յն մակերեսը՝ որուն վրայէն կամ տակէն ստիպուած են անցնիլ: Մարդկային ընկերութիւնը կը յորդի թէ՛ խաբեբաներով եւ թէ միամիտ մարդոցմով:
Կը պատմուի թէ գիւղացի մը իր համագիւղացիէն հողի կտոր մը կը վարձէ: Վար ու ցանք ընելով իր ապրուստը վաստկելու համար, վարձակալը կը սկսի արտը փորել: Ճակտին քրտինքը կէսօրուան տօթին, կիզիչ արեւուն տակ հողին վրայ թափուելով, յանկարծ աչքին փայլ մը կ՛երեւի, եւ ափով մաքրելով հողին տակ փայլող իրը, կը տեսնէ որ հսկայ կարաս մըն է, լեցուն ոսկիներով:
Անմիջապէս կը փութայ արտին տիրոջ մօտ, ու կը տեղեկացնէ անոր իր գտած հարստութեան մասին, միամտաբար խնդրելով որ գայ ու ստանձնէ զանիկա, որովհետեւ իր արտին մէջէն գտած էր զայն: Հողատէրը վեհանձնօրէն կ՛ըսէ, թէ բախտը այդ հողը վարձողին ու արտը փորողին ժպտացած էր, եւ ոչ թէ իրեն՝ հողատիրոջ: Սակայն, վարձակալը կը շարունակէ պնդել, թէ գանձը հողատիրոջ կը պատկանի օրէնքով, որովհետեւ ի վերջոյ ա՛ն է այդ կալուածին իրաւական տէրը:
Բարեկամական խօսակցութիւնը վէճի կը փոխուի, եւ վերջապէս երկու բարի ու միամիտ գիւղացիները կ՛երթան ու կը դիմեն գիւղապետին: Վերջինս, խորամանկ մարդ ըլլալով, մտքէն անխելք կը կոչէ երկու գիւղացիները, ու իր հեղինակութեամբ վճռելով գտնուած գանձին ճակատագիրը, կ՛ըսէ թէ անիկա գիւղապետին կը պատկանի, որովհետեւ վերջին հաշուով ան է ամբողջ գիւղին տէրն ու պատասխանատուն:
Հողատէր եւ գանձը գտնող երկու գիւղացիները գիւղապետին առջեւն ինկած, զայն կ՛առաջնորդեն գանձին գտնուած վայրը: Գիւղապետը երբ գլուխը ցած կը բերէ բացուած փոսին առջեւ քննելու համար թէ ինչքա՛ն ոսկի կայ կարասին մէջ, սոսկումով կը տեսնէ որ կարասը լեցուն է իրարու պլլուած հսկայ սեւ օձերով:
Այս դէպքը կը ջղայնացնէ գիւղապետը, որ ստախօս համարելով երկու գիւղացիները, եւ կարծելով թէ զինք ծիծաղի առարկայ կ՛ուզէին դարձնել, կը պատրաստուի պատժել զանոնք: Սակայն իր կողքին կանգնած երկու միամիտ գիւղացիները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ եկած ամէն մարդ, կարասին մէջ ոսկի կը տեսնէ մինչեւ բերան լեցուն, եւ միայն գիւղապետն է որ զայն օձերով լեցուն կը տեսնէ:
Գիւղապետը տուն վերադառնալով, կնոջ ու մօտիկ բարեկամներու խորհուրդին կը դիմէ, պատահած դէպքին բացատրութիւն փնտռելով: Թէ՛ կինը եւ թէ բարեկամներ կ՛ըսեն, որ Աստուծոյ տնօրինութեամբ իսկական ոսկին գալարուն օձերու նման կ՛երեւի իր աչքին, որովհետեւ միամիտ գիւղացիներուն բախտը յափշտակելու կը պատրաստուէր ինք: Այն ատեն, գիւղապետին հոգեկան աչքերը կը բացուին ու կը տեսնէ արդարութիւնը: Անմիջապէս իր մօտ կանչելով երկու գիւղացիները, կ՛ըսէ թէ գտնուած այդ հարստութիւնը համահաւասար չափով պէտք է բաժնուի երկուքին միջեւ, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կողմէ ղրկուած բախտ մըն էր թէ՛ հողատէր գիւղացիին, ու թէ զայն վարձող գիւղացիին համար:
Բարի ու անկեղծ մարդոց շուրջը շատ աւելի թիւով կը խռնուին խաբեբաներ: Գիւղապետին նման մարդիկ առիթ չեն փախցներ օգտուելու երկու գիւղացիներուն նման միամիտ մարդոց բարութենէն ու անկեղծութենէն: Վեհանձն մարդիկ՝ որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար, միւսին ուրախութիւնը աւելի կարեւոր է, քան՝ իր սեփական ուրախութիւնը եւ աւելին՝ իւրաքանչիւրը աւելի՛ ուրախ կ՛ըլլայ ուրիշին ուրախութեամբ, քան՝ իր սեփական ուրախութեամբ:
Ողբերգութիւն կը պատահի մանաւանդ ա՛յն ատեն, երբ չափազանց միամիտներու դիմաց կ՛ելլեն չափազա՛նց խորագէտներ, որոնք բաժակի մէջ լեցնելով կը խմեն իրենց զոհերուն արիւնը: Աւելի մեծ դժբախտութիւնը այն է, սակայն, որ նման մարդոց ճիրաններուն մէջ կալանաւորուած զոհերը, չե՛ն զգար իրենց կալանքին ահաւորութիւնը, նման այն անմիտ թռչունին, որ թէեւ թեւէն քիչ մը վիրաւոր, որսորդին ձեռքերուն մէջ տակաւին կը փորձէ հաճելի թփռտոցներ կատարելով զուարճացնել զայն, մինչեւ որ զինք խեղդող պարանը անցընէ որսորդը նաեւ իր վիզէն, ուր զինք ալ կախէ որսորդական իր գօտիի կախիչէն, շարելու համար նախապէս որսացուած իր ցեղակիցներու շարքին: Աղիողորմ ճլվըլոց մը եւս ու վերջ:
Մեծ թռչունները միշտ կը յիշեցնեն հաւկիթէն նոր դուրս եկած իրենց թռչնիկներուն, թէ՝ «որսորդներուն հետ խաղ չըլլար»: Անոնց խիղճը կը գտնուի հրացանի փողին մէջ, իսկ այդ փողն ալ աչք չունի՛ զանազանութիւն դնելու թռչուններուն միջեւ: Անիկա պատահող թռչունը վար կ՛առնէ՝ եթէ նշանառութիւնը ճիշդ կարենայ կատարել:
Թռչուն մը ինչքան ալ արագասոյր թռիչք ունենայ, պէտք չէ՛ վստահի իր կարողութեան, որովհետեւ փամփուշտին վառօդը անգութ է, ու անյապաղ իր ետեւէն պիտի ղրկէ մահացու գնդակը: Հակառակ որ շատե՜ր այս առակը իմանալով, ինքնագովութեամբ կը յիշեցնեն ծանօթ ասացուածքը, թէ՝ «ամէն թռչունի միս չ՛ուտուիր», սակայն քիթէն բռնուող աղուէսին պէս կ՛իյնան որսորդին լարած թակարդը:
Չափազանց միամիտներուն դիմաց, չափազանց խորագէտներով լեցուն է մարդկային մեր կեանքը: Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի: