ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահի քաղաքական հարցերու եւ մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի այս շաբթուան Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը ցոյց կու տայ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Ասատի ու Ապտալլա թագաւորին միջեւ յարաբերութեան ջերմութիւնն ու խորութիւնը: Ան ըսաւ, որ երկու ղեկավարներուն քննարկումները պիտի նպաստեն արաբական բոլոր երկիրներու շահերուն, նշելով, որ քննարկումներուն մէկ բաժինը կեդրոնացած էր Մարտի վերջաւորութեան Լիպիոյ մէջ նախատեսուած արաբական գերաստիճանին պատրաստութեան վրայ։
Երկու կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են Լիբանան-Սուրիա յարաբերութեանց զարգացման նկատմամբ։ Շաապան յայտնեց, որ «այդ յարաբերութիւնները լաւէն դէպի լաւագոյն ընթանան»։ Ան յայտնեց, որ միջպաղեստինեան հաշտութեան հարցը եւ Կազայի շրջափակման վերացումը եւս քննուած են եւ ըսաւ, որ զարմանալի չէ, որ Սուրիա՝ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տեսակէտներու մերձեցման փորձ կը կատարէ։ Շաապան ըսաւ. «Սուրիա միջարաբական բախումներուն դէմ է, ինչպէս նաեւ արաբական որեւէ երկրի մը մէջ զինեալ ըմբոստութեան: Բոլոր կողմերը, ներառեալ Իրանը, դէմ են շրջանին մէջ ճակատումներէ, որոնք կը քաջալերուին մեր շրջանին չարիք կամեցողէն»։