ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ուղղուած նախատինքին համար Իսրայէլ Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրեց եւ Թուրքիա հարցը փակուած նկատեց։ Սակայն, Իսրայէլի ներողութիւն խնդրելու զիջումը այդ երկրի վարկին բաւական վնաս պատճառեց թէ՛ հակաիսրայէլեան արաբական մամուլի մէջ, թէ՛ նոյնինքն Իսրայէլի մամուլէն ներս։ Իսրայէլի թշնամիները ուրախ են այս զարգացումէն ու հեգնական տողեր գրի կ՛առնեն Իսրայէլի հասցէին։ Վերջին հաշուով Թուրքիա նոր յաղթանակ մը տարաւ Իսրայէլի դէմ ու հիմա շատեր կրնան մտածել, թէ Թուրքիա շահաւոր ելաւ իր դեսպանին նկատմամբ կատարուած այս նախատինքէն։
Լիբանանի «Ախպար» թերթը գրեց, որ Իսրայէլ «այլեւս միայն թրքերէնէ կը հասկնայ»։ Թերթը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը կոչեց «Սուլթան Էրտողան» եւ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ սպառնալիքը շատ ազդու եղաւ ու իսրայէլցիները անմիջապէս ծունկի եկան եւ իրենց ըրածին չափ ցած իջնելով ներողութիւն խնդրեցին Թուրքիայէն։
Լոնտոնի մէջ հրատարակուող արաբերէն «Քուտս» թերթը գրեց, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները միշտ ալ բարոյական ու կրօնական բեռ մը եղած են Էրտողանի ուսերուն վրայ, Թուրքիա Իսրայէլի տուաւ այն պատասխանը որուն արժանի դարձած էր։
Իրանի «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ սիոնական վարչակարգը անգամ մը եւս ներողութիւն խնդրեց Թուրքիայէն եւ ասոր մէջ իր դերը ունեցաւ իր դեսպանը ետ կանչելու Թուրքիոյ վճռական սպառնալիքը։
Իրանի «Քէյհան» թերթին համաձայն, Թել Աւիւ Անգարայի դէմ նորէն նահանջեց։ Թերթը կը յիշեցնէ, թէ Իսրայէլի իշխանութիւնները Թուրքիայէն եկած ճնշումին չկրցան դիմադրել ու ստիպուեցան ներողութիւն խնդրել։
Իսրայէլեան «Մաարիւ» թերթը եւս գործածեց հեգնական խորագիր մը ու ըսաւ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն տեղի տուած է նախագահ Շիմոն Փերեզի ու վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ճնշումներուն դիմաց։
Իր կարգին, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Ցած աթոռ»ի տագնապին ճարտարապետ Այալոն եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմըն իսրայէլեան ընդդիմութեան եւ չափաւորական լրատուամիջոցներու թիրախը դարձած են եւ անոնց հրաժարականը պահանջող կոչեր կը կատարուին: Իսրայէլացի 17 երեսփոխաններ եւս թուրք դեսպանին ղրկած են նամակ մը՝ տագնապին վերաբերեալ ցաւ յայտնելով: