ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու եւ Նորվեկիոյ դիւանագէտներու դէմ Նախիջեւանի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած յարձակումը լուրջ իրարանցում պատճառած է: Ամերիկեան ու նորվեկիական դեսպանութիւնները իրենց դիւանագէտներուն նկատմամբ Նախիջեւանի մէջ ցուցաբերուած անարգանքին հետ կապուած խիստ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են Հինգշաբթի, Յունուար 14ին, բողոքելով տեղի ունեցածին դէմ եւ պահանջելով Պաքուիի իշխանութիւններէն, որ երաշխաւորեն օտարեկրեայ դիւանագէտներու ապահովութիւնը:
Երկու դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները Յունուարի 13ին փորձած էին մուտք գործել Նախիջեւանի Պենանեար գիւղը, ուր անցեալ Դեկտեմբերի 28ին, իսլամական Աշուրայի տօնակատարութիւնը խոչընդոտելու նպատակով, ապահովական ուժերը գիւղացիներու նկատմամբ բռնութիւններու դիմած էին: Սակայն, Պենանեարի մուտքին, խումբ մը վայրենացած մարդիկ կասեցուցած են դիւանագէտները փոխադրող ինքնաշարժը եւ սպառնալիքներ տեղացուցած են անոնց վրայ, արգիլելով անոնց, որ գիւղ մուտք գործեն: Գիւղացիները «Ենի Մուսաւաթ» թերթին յայտնած են, որ հիւրերուն սպառնացողները ոչ թէ Պենանեարի բնակիչներն էին, այլ՝ իշխանութիւններու յանձնարարութիւնը կատարող անձինք:
Ամերիկացի եւ նորվեկիացի դիւանագէտները իրենց բողոքը ներկայացուցած են Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան եւ միջադէպին մասին տեղեկութիւն փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւններուն:
Կը կարծուի