Սիրելի Հոգեւոր եղբայրներ,
Յարգելի ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Պատուարժան անդամներ ու ներկայացուցիչներ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական
Վարչութեան,
Թեմիս Ժողովականութեան, Ազգ. երեսփոխանական Ժողովին
ու ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց,
Յարգարժան ներկայացուցիչներ
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Կեդր. Կոմիտէի,
ՀՕՄի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջ.
Վարչութեանց եւ Հայ Դատի Յանձնախւոմբի,
Թեմիս Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի,
Յարգելի Տնօրէններ ու Վարիչներ Ազգ. կրթական օճախներու,
Սիրելի ներկայացուցիչներ հայկական կազմակերպութեանց,
միութեանց եւ մամուլի
Սիրելի բարերարներ, բարեկամներ եւ հարազատներ
Աւելի քան 2000 տարի առաջ, խաղաղ գիշեր մը, աւետաբեր փայլուն աստղ մը ծագեցաւ Բեթղեհէմի վերեւ ու հրեշտակները, երկինքի բարձունքներէն մարդկութեան ու աշխարհին աւետեցին Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը՝ երգելով.
Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,
եւ յերկիր խաղաղութիւն,
Ի մարդիկ Հաճութիւն
Այդ աւետիսին արձագանգ ըլլալով, մենք ալ այս երեկոն սկսանք Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ շարականներով, երգեցինք «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»ն, «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան» ու այլ շարականներով մեր հոգեկան ցնծութիւնը արտայայտեցինք, նախ եւ առաջ փառք տալու համար Երկնաւոր Հօր, որ տարի մը եւս շնորհեց մեզի ու առիթը ստեղծեց որ քով քովի գանք դարձեալ, բարեմաղթութիւններ փոխանակենք եւ ուխտենք աստուածահաճոյ կեանքի երթը շարունակել աննահանջ։
Սիրելիներ, Բեթղեհէմի վերեւ, Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան գիշերը երկինքն ու երկիրը լուսաւորուեցան փայլուն աստղին շնորհիւ. մարդուս կեանքը պայծառացնող այդ դէպքին հետ հնչած հրեշտակներու մեղեդիները դաշտին մէջ գիշերող բարի հովիւներուն աւետեցին մանկացեալ Աստուածորդւոյն ծնունդը, ու թելադրեցին, որ հովիւները երթան, տեսնեն համեստ մսուրին մէջ խանձարուրուած Յիսուս Մանուկը, ապա մարդկութեան ու աշխարհին հաղորդեն մեծ աւետիսը, տարածեն, որ Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկած է մարդուն, այսինքն մեզի համար իբրեւ նուէր. անիկա մեր Արարիչին մեծագոյն նուէրն էր, որ նաեւ արտայայտութիւնն էր մեզի հանդէպ Երկնաւոր Հօր անսահման սիրոյն, ու մեզի կը բերէր խաղաղութեան, սիրոյ, համեստութեան ու մարդասիրութեան անժամանցելի պատգամները։
Քրիստոսի աշխարհ առաքելութենէն ասդին, մարդիկ դարեր շարունակ սէր ու հաճութիւն փնտռեցին, ու այսօր ալ այդ արժէքները կը փնտռեն աշխարհի մը մէջ, որ սակայն, դժբախտաբար, զերծ չէ տագնապներէ, պատերազմներէ ու մտահոգիչ զարգացումներէ։ Գիտենք, որ անցեալ տարին եղաւ աշխարհն ու մարդկութիւնը բազմաթիւ տագնապներով յուզող ժամանակաշրջան մը։ Աշխարհին հետ միասին մենք ալ կրեցինք տնտեսական ու, անոր հետեւանքով, այլ տագնապներու ծանրութիւնը, մեր մայր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այլապէս զօրաշարժի ենթարկեցին մեզ։ Եւ ճիշդ այսպիսի օրերու է որ Ս. Ծննդեան շարականին բառերը կ՛անցնին սոսկական երգի արժէքէն անդին, կը վերանորոգեն Ս. Ծնունդի գիշերը աշխարհին տրուած պատգամները։ Հետեւաբար, մեր շարականներով վերանորոգեցինք մեր իղձերն ու փափաքները, ըսելով՝ թող փառք ըլլայ Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ, թող Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան տօնը խաղաղութիւն բերէ աշխարհին ու մարդոց, պետական ղեկավարներու եւ աշխարհը կառավարողներուն սիրտերուն մէջ տարածէ սիրոյ, խաղաղութեան ու հաճութեան զգացումները, արդարութեան ձգտելու կամքը։
Սիրելիներ, Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին բազմախորհուրդ այս երեկոյեան, կ՛ուզեմ Ձեզի հետ բաժնեկցիլ կարգ մը մտածումներ, որոնք կը բխին քրիստոնէական մեր հաւատքէն ու արժէքներէն։ Այդ արժէքները կը լուսաւորեն ու կը հարստացնեն մեր կեանքը ու մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի արդար ու ճշմարիտ ուղի, անոնք կը կազմեն մեր արարքներուն ու առաջադրանքներուն հիմնաքարերը, մղիչ ուժը, առաջնորդող փարոսը։ Այս երեկոյ, Ձեզ կը հրաւիրեմ անգամ մը եւս վերահաստատելու այն գիտակցութիւնը, թէ քրիստոնէական արժէքնե՛րն են որ ըստ էութեան մեզի կ՛օժանդակեն մշակելու մեր ծրագիրները, տալու մեր որոշումները եւ ճշդելու մեր քայլերուն ուղղութիւնը։ Մենք՝ իբրեւ մարդ արարածներ, կեանքի մէջ կը ճշդենք նպատակներ, ծրագիրներ կը կազմենք այդ նպատակներուն հասնելու համար, սակայն այդ բոլորը կը մնան անիմաստ ու անհետեւանք, եթէ իբրեւ հիմնաքար ու չափանիշ չունենան քրիստոնէութեան բարձր արժէքները։ Կ՛ուզեմ Ձեզի հետ բաժնել հեղինակի մը հետեւեալ մտածումները. «Նպատակները ապագային համար են, արժէքները՝ ոչ։ Նպատակները կը ճշդորոշուին, արժէքները կ՛ապրուին։ Նպատակները կը փոխուին, արժէքները ժայռի նման հաստատուն են ու կրնանք անոնց վստահիլ։ Նպատակները կը ծառայեն մարդս գործի մղելու եւ յառաջ ընթանալու, մինչդեռ արժէքները մեզ կը մղեն, որ յարատեւենք մեր ճիգերուն մէջ։ Արժէքները իրականութիւն կը դառնան միայն այն ատեն, երբ մարդս զանոնք կիրարկման մէջ կը դնէ իր արարքներով ու գործքով, ու կը մղենք, որ ուրիշներ ալ նոյնը ընեն։ Արժէքները, ուրեմն, մեր իսկական առաջնորդներն են։ Արժէքները կ՛առաջնորդեն մեր բոլոր ծրագիրները, որոշումները եւ արարքները»։ Այլ խօսքով, մեր հաւատքին մէջ արմատաւորուած արժէքներն են որ կ՛առաջնորդեն, պէ՛տք է առաջնորդեն մեզ բոլորս, որպէսզի հաստատ մնանք ամուր խարիսներու վրայ, ու մեր երթը անսասան պահենք, ի՛նչ որ ալ ըլլան կեանքի ալիքներէն մեզի հասնող հարուածները, ո՛րքան ալ ծանր ըլլան տնտեսական ու այլ դժուարութիւններէ յառաջացող տագնապները։ Քրիստոնէական հաւատքն ու արժէքներն են որ մեզի կ՛օգնեն յաղթահարելու կեանքի ուղիներուն վրայ մեր դիմագրաւած արգելքները, թումբերը, ու մեր նաւը կ՛առաջնորդեն դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Թող յառաջիկայ տարուան ընթացքին եւ ընդմիշտ, այս արժէքները ըլլան մեր ուղեցոյցը՝ մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ, անոնք ըլլան եկեղեցանուէր, կրթական թէ ազգային անդաստաններուն մէջ, անոնք ի սպաս դրուին մեր գաղութին եւ հայրենիքին։
Այս զգացումներով ու մտածումներով է որ, սիրելիներ, բոլորիդ կը մաղթեմ յաջողութիւններով լի ու նոր նուաճումներու առաջնորդող տարի մը, նաեւ կը ցանկամ, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդն ու սիրոյ, հաճութեան եւ խաղաղութեան պատգամները բոլորիդ ընտանեկան ու հաւաքական կեանքերուն մէջ տիրապետող ըլլան այսօր եւ միշտ, նոր սկսող տարուան իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին։ Մանկացեալ Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդով մարդկութեան շնորհուած Յոյսը թող ալիք-ալիք տարածուի մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ, ու մեր երթը շարունակենք քրիստոնէավայել ինքնավստահութեամբ, տագնապներէ չերկնչելու ու չընկրկելու, այլ զանոնք յաղթահարելու կամքով ու սլացքով։
***
Ս. Ծննդեան այս երեկոյին կապուած են գեղեցիկ աւանդութիւններ։ Նախ եւ առաջ, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ունինք մեր Ս. Աթոռի գահակալ սիրելի Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ինչպէս միշտ, այս երեկոյին առիթով ալ մեզ գօտեպնդեց իր հայրական պատգամով, բարի մաղթանքներով ու յորդորներով։ Վեհափառ Հայրապետը մեզի հետ է միշտ, նման հանդիսաւոր առիթներու թէ մեր առօրեայ աշխատանքի ընթացքին, անոր պատգամները մեզի համար կը մնան աշխատանքի գլխաւոր ուղեցոյց։ Ինչպէս գիտէք, 2009 տարին ձօնուած էր Երիտասարդութեան, իսկ սկսող տարին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Հայ Կնոջ Տարի։ Ինչպէս նախընթաց տարիներու հայրապետական պատգամներուն առիթով, այս հանգրուաններուն եւս, յատուկ հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով նշեցինք Երիտասարդի Տարին, նոյնը պիտի ընենք յառաջիկայ տարուան ընթացքին, վեր առնելու համար Հայ Կնոջ դերն ու տեղը մեր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքերուն մէջ։
Սա պահուն պարտք կը զգամ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղելու մեր այսօրուան հիւրընկալներուն՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Քրիսթինա Չափարեան, Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հերա Չափարեան եւ Տէր եւ Տիկին Գէորգ ու Թրէյսի Հացպանեան ընտանիքիներուն, որոնք սիրայօժար կերպով միասնաբար յանձն առին հիւրընկալել ընթրիքի այս երեկոն։ Շնորհակլութիւն նաեւ տիկին Թինա Քարոլանի եւ Քարոլան հիմնարկութեան, որոնք ամէն տարի պատկառելի նուիրատուութեամբ զօրավիգ կը կանգնին Ազգային Առաջնորդարանիս առաքելութեան։ Շնորհակալութիւն նաեւ մեր բոլոր բարերարներուն ու հովանաւորներուն, որոնք նեցուկ են մեր առաքելութեան։ Անոնց անունները պիտի գտնէք Ձեզի տրամադրուած գրքոյկին մէջ։
Այս երեկոյ, չեմ ուզեր երկարօրէն ու մանրամասնօրէն ներկայացնել պատկերը այն տօնակատարութեանց ու նախաձեռնութեանց, որոնք նուիրուած էին մեր երիտասարդութեան, սակայն կ՛ուզեմ ուրախութիւնս բաժնեկցիլ բոլորիդ հետ, կանգ առնելով գլխաւոր իրագործումներուն վրայ։ 2009 տարուան ընթացքին, երիտասարդական համագումարներու եւ օգտաշատ հաւաքներու կողքին, մեր Թեմը օժտուեցաւ երիտասարդական երգչախումբով մը։ Ազգային Առաջնորդարանիս «Լուսաւորի»չ երգչախումբը վերակազմուեցաւ երիտասարդ անդամներով եւ մեզի ներկայացաւ համերգով մը, ապա, տարբեր առիթներով ծաղկեցուց մեր կարգ մը հանդիսութիւնները։ Այս երեկոյ եւս, մենք վայելեցինք մեր երիտասարդներուն երգեցողութիւնը եւ վստահ եմ որ մեր սիրտերը լեցուեցան հպարտութեամբ։ Այս առիթով, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս գնահատանք արձանագրել երգչախումբի խմբավարին՝ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիլիւմեանի եւ երգչախումբի իւրաքանչիւր անդամին, որոնք նուիրումով ու սիրով իրագործեցին գեղարուեստական այս նուաճումը։ Կ՛ուզեմ նաեւ գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղել այսօրուան մեր յայտագիրին գեղարուեստական ծաղկումին նպաստող նուիրեալներուն ու արուեստագէտներուն։ Թող Աստուած օրհնէ բոլորին շնորհներն ու վաստակը։
Յառաջիկայ ամիսներուն, մեր գործը նոյն թափով պիտի շարունակուի, այս անգամ ոգեկոչելու համար Հայ Կնոջ արժանիքները։ Հայ Կինը մեզի համար մայր է եւ քոյր, մեծ մայր է ու դաստիարակ, բայց մանաւանդ ընտանիքի յենարան. ան է որ կը շէնցնէ մեր օճախները, օրօրոցէն սկսեալ կը հոգայ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը եւ գլխաւոր բաժին ունի հայակերտումի գործին մէջ, դպրոցէն առաջ ու դպրոցի կողքին։ Մեր բանաստեղծները անհամար տողերով գովերգած են Հայ Մօր ու Հայ կնոջ արժանիքները։ Մենք ալ գործնական քայլերով պիտի ձայնակցինք յառաջիկայ ամիսներուն։ Այս առիթով, կ՛ուզեմ յատուկ գնահատանք արձանագրել Ազգ. Առաջնորդարանիս Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին ու Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն, մաղթելով, որ Հայ Կնոջ Տարին բազմապատկէ անոնց կորովն ու նուիրումը։
Առ ի գնահատանք մեր տիկիններուն, մեր հիւրընկաելներուն կողմէ տրամադրուած մարգարտեայ խաչերը նուէր պիտի բաշխուին ներկայ տիկինններուն, մայրերուն ու քոյրերուն։
Անցեալ տարեշրջանը մեր Թեմին համար եղաւ նաեւ հպարտառիթ իրագործումներու շրջան մը։ Այս պահուս, կ՛ուզեմ վեր առնել անոնցմէ միայն մէկ քանին։
Սան Ֆրասնսիքոյի մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ունեցաւ նոր ու երիտասարդ հոգեւոր հովիւ մը։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, միաբանակից մեր երիտասարդ եղբայրներէն Հոգշ. Տ. Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան ծառայութեան կոչուեցաւ մեր Թեմին մէջ եւ Հոկտեմբերէն ի վեր ստանձնած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի ազնիւ լուծը։
Մեր թեմը յաւելեալ աշխուժացման ու աշխատանքի դաշտերու ընդարձակման նուաճումներ ունեցաւ զուգահեռաբար։ Տարի մը առաջ, հիմը դրուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ ու Ս. Ծննդեան տօնին, տեղի ունեցաւ առաջին Ս. Պատարագը։ Ուրախ եմ, ծխական շրջանը տարին բոլորեց յաջողութեամբ ու հետզհետէ աւելի կ՛աշխուժանայ, ինչպէս որ կ՛ընեն Լա Քրեսենթան ու այլ շրջաններ, ձգտելով ունենալու սեփական եկեղեցիներ։
Լաս Վեկասի ծխական մեր համայնքը քանի մը շաբաթ առաջ պատմական քայլ մը առաւ սեփական եկեղեցի ունենալու ուղղութեամբ։ Գիտէ՞ք. մեր ժողովուրդն ու բարերարները ունին ազնիւ աւանդութիւն մը. երբ կը տեսնեն, որ կայ ժողովրդանուէր ու աստուածահաճոյ գործի ծրագիր, ձեռքերն ու միջոցները շուտով կը միանան իրարու։ Այս աւանդութեան հետեւելով, ծխական համայնքը ձեռք բերաւ կալուած մը, որուն վրայ պիտի կանգնին եկեղեցի ու մշակութային կեդրոն մը։ Ծրագիրը ունեցաւ իր գլխաւոր բարերարը՝ Տիար Լէրի Պարնզ, ամուսինը Լաս Վեկասի մեր համայնքի նուիրեալ ծառայողներէն՝ հանգուցեալ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի. ան իշխանական ու պատկառելի նուիրատուութեամբ մը՝ շուրջ 500,000 տոլար, նեցուկ կանգնեցաւ կալուածի գնման, որ կատարուեցաւ կանխիկ վճարումով։ Ան իր այս ազնիւ արարքով իրականութեան կը հասցնէ իր հանգուցեալ կնոջ երազը ու յարգանք կը մատուցէ Տէր Կարապետեան ընտանիքի ննջեցեալներուն, որոնց արմատները կու գան Վանէն եւ որոնցմէ մէկ քանին զոհ գացած են Ցեղասպանութեան։ Ի յիշատակ Սեդա Կարապետեան Պարնզի ու ընտանիքին, եկեղեցին պիտի կոչուի Ս. Կարապետ։ Ծխական համայնքը, եւ ոչ միայն յանձնախումբը, հիմա կարեւոր մարտահրաւէրի մը դիմաց կը գտնուին, ամբողջացնելու համար եկեղեցւոյ ու մշակութային կեդրոնի կառուցումը։ Վստահ եմ, որ լաւ սկսուած գործը յաջողութեամբ պիտի հասնի իր լրումին։
Այս պահուն, չեմ կրնար երախտագիտութեան խօսք չուղղել Լինսի հիմնարկութեան, որ անգամ մը եւս իշխանական նուիրատուութեամբ մը աջակցութեան ձեռք երկարեց Թեմիս ազգային Վարժարաններուն։ Լինսի հիմնարկութիւնը անցեալ տարի բացառիկ տնօրինումով մը աւելի քան մէկ միլիոն տոլար նուիրաբերած էր մեր դպրոցներուն։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ այս տարի եւս, Լինսին մէկ միլիոն տոլար նուիրած է մեր վարժարաններուն, ի խնդիր անոնց բարգաւաճման։ Լինսիի փոխ նախագահ Տիար Յարութ Սասունեան այս երեկոյ մեզի հետ է։ Կը խնդրեմ իրմէ, որ մեր շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացումները փոխանցէ Լինսիի հիմնադիր եւ ազգային բարերար Գըրք Գրիգորեանի եւ հիմնարկի տնօրէն Ճէյ Ռաքոյի։
Այս երեկոյ, ունինք նաեւ գեղեցիկ ու գօտեպնդող անակնկալ մը. Սան Ֆրասնսիսքոյի մեր ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեան ամոլը 500,000 տոլար կը նուիրէ Թեմիս Ազգային Ֆերահեան Վարժարանին, դառնալով անոր նախակրթարանի բաժինին գլխաւոր բարերարը։ Այսպէսով, մեր ազգային բարերարներու ցանկը կը հարստանայ նոր անունով մը, որ հպարտութիւն կ՛առթէ բոլորիս, որովհետեւ, սիրելիներ, բարերարութիւնները ցուցանիշ են մեր Թեմին ու կրթական համակարգին հանդէպ մեր ժողովուրդի վստահութեան։ Գապայեան ամոլը, 2010 տարուան սեմին, 31 Դեկտեմբերին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հաստատեց իր նուիրատուութիւնը։ Այս բարերարութիւնը կը կատարուի ի յիշատակ Գապայեան ամոլի հանգուցեալ մօր՝ Մարի Գապայեանի, հետեւաբար, հանդիսաւոր այս պահուն, յանուն Թեմիս Ազգային Վարչութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Ֆերահեան Վրժ.ի Տնօրէնութեան եւ Ուսումնական մարմինին, հոգեկան ցնծութեամբ կը յայտարարեմ, որ Ֆերահեան վարժարանի նախակրթարանի բաժինը, Նորթ Հիլզի մէջ, այսուհետեւ պիտի կոչուի «Ազգային Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարան»։ Շնորհակալութիւն բարերարներուն, թող օրհնեալ ըլլայ հանգուցեալ Մարի Գապայեանի յիշատակը, թող Երկնաւոր Հայրը օրհնէ վաստակը բարերարներուն ու վարձահատոյց ըլլայ իրենց, ու մենք, անգամ մը եւս ծափողջոյններով մեր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտենք այս օրինակելի բարերարութեան համար։
***
Սիրելիներ,
Մեր եկեղեցական, կրօնական, ուսումնական եւ այլ ծառայութիւնները կարելի կը դառնան շնորհիւ մեր Թեմի ժողովականութեան նուիրեալ ծառայութեան, մեր յանձնախումբերու անսակարկ աշխատանքին, բարերարներու եւ բարեկամներու աջակցութեան։ Կ՛ուզեմ այս առիթը օգտագործել, շնորհակալութիւն յայտնելու բոլորին, բարձր գնահատել նուիրաբերումներն ու ներդրումները, որոնք կը հաւաքուին միեւնոյն աւազանին մէջ, կ՛ոռոգեն Ազգային Առաջնորդարանիս գործունէութեան դաշտերը, կը շէնցնեն Ազգի Տունը։
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ հայկական մեր բոլոր կազմակերպութեանց միութեանց ու մամուլին, որոնք գործակից ու լծակից են Ազգային Առաջնորդարանիս, հաւատալով, որ մէկ ձեռքը չի կրնար ունենալ այն արդիւնքը, որ կ՛ապահովուի երկու կամ աւելի ձեռքերու միացումով։
2010 տարուան սեմին, բոլորիդ կը մաղթեմ բարի գործերու յաջողութիւն, կեանքի բերած դժուարութեանց յաղթահարում եւ վերանորոգ կորով, երթը շարունակելու համար։ Բարեմաղթութեան յատուկ խօսք ունիմ մեր հայրենիքին, անոր իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին, մեր Թեմի ժողովականութեան ու ծխական շրջաններու նուիրեալներուն։ Թող բարձրեալն Աստուած իր Ս. Աջը պահապան եւ հովանի ընէ մեր բոլոր աշխատանքներուն, ամրապնդէ մեր ազգային միասնականութիւնը եւ արդարատենջութեան, ազգային պահանջատիրութեան ու հայրենաշինութեան քայլերը առաջնորդէ դէպի բաղձալի նպատակակէտ, դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։
Անգամ մը եւս կ՛ըսեմ. Շնորհաւոր նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։ Թող 2010 տարին բարիք բերէ բոլորիդ, անձնական թէ հաւաքական աշխատանքներու մէջ, ու մեր Թեմը եւ մեր ժողովուրդը նորանոր նուաճումներ արձանագրեն մեր գաղութի թէ համազգային իտէալներու կենսագործման ճամբուն վրայ։
Թող Բարին ըլլայ մեր առաջնորդը,
Թող Խաղաղութիւնը ըլլայ մեր կամքը,
Թող Սէրն ու Համերաշխութիւնը ըլլան մեր նկարագիրին արտայայտիչները,
եւ թող Աստուծոյ փառաբանութիւնը ըլլայ էութիւնը մեր կեանքին։
Եկէք, ուրեմն, անգամ մը եւս ձայնակից ըլլանք հրեշտակներուն ու զԱստուած փառաբանենք ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Բարի աւետիս բոլորիս։