ԱՆԳԱՐԱ.- «Հիւրրիյէթ» թրքական օրաթերթի հայազգի աշխատակից Վերճիհան Զիֆլիօղլու կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, հակասելով իր իսկ յայտարարած վերջին որոշումը՝ վճռած է բանալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ կրօնական պաշտամունքի համար, եւ արտօնել, որ խաչ տեղադրուի եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ:
Խաչին տեղադրումը եւ եկեղեցական արարողութեանց սկիզբը կը նախատեսուի տեղի ունենալ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին:
Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի լրագրող Զիֆլիօղլուի փոխանցած է, թէ իր ղեկավարած նախարարութիւնը ձեռնարկած է թղթաբանական աշխատանքներու՝ տարին մէկ անգամ Սուրբ Խաչի մէջ եկեղեցական արարողութեան համար թոյլտուութիւն ստանալու:
Եկեղեցւոյ խաչը, որ նախկին խաչին նմանութեամբ պատրաստուած է վարպետներու կողմէ, ի պահ կը մնայ Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ:
isg muss hazar yegéghétsiner’e intch bidi ellan?
menk arian yev hoghi iravounk ge bahantcenk