ՇԱՆԷԼ.- Վերջերս նորաձեւութեան մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կայացան 2010ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան փառատօները՝ մասնակցութեամբ Տիոր, Շանէլ, Հերմես, Լուի Վուիթոն եւ նորաձեւութեան այլ նշանաւոր տուներու։
Միջազգային աստղեր եւ լրագրողներ անգամ մը եւս զմայլեցան Քարլ Լակըրֆիլտի, Կալիանոյի, Էլի Սաապի գլուխ գործոցներով։ Ձեւագէտներ, որոնք ամէն եղանակի կը յաջողին դիւթել ներկաները՝ առանց կրկնութեան մէջ իյնալու, բայց եւ այնպէս, հաւատարիմ մնալով իրենց նորաձեւութեան տունը մնացեալներէն զատորոշող գիծերուն։
Այսպէս, Շանէլի «մանըքեն»ները տողանցեցին երազային պարտէզներու մէջ։ Անգամ մը եւս աւանդական թուիտ բաճկոնները, իրենց համապատասխան փէշերով, կարեւոր տեղ կը գրաւէին հաւաքածոյին մէջ։ Բաճկոնները օժտուած էին լայն ուսնոցներով, իսկ փէշերուն պարագային, ժանեակի օգտագործումը անսովոր հմայք մը տուած էր անոնց։
ՏԻՈՐ.- Տիորի մօտ շեշտուած էին փակած, կարճ եւ երկար տաբատները, որոնց կ՛ընկերակցէին մերթ մուսլին, թեթեւ թիւնիքներ, եւ մերթ՝ մէջքը լայն գօտիով մը սեղմուած բաճկոններ։
ՀԵՐՄԵՍ.- Հերմեսի մօտ աւելի շեշտուած էին մարզական հագուստները։ Լազուարթի եւ ճերմակի խառնուրդով երկար լայն փէշերը, գծաւոր բաճկոնները, թեթեւ եւ գործնական տաբատները եւ այլն…
ԼՈՒԻ ՎՈՒԻԹՈՆ.- Լուի Վուիթոն, որ կը համարուի դարուս «աքսեսուար»ի եւ յատկապէս պայուսակի արքան, ցուցադրեց իր խոշոր, աչքառու եւ գունաւոր պայուսակները, որոնց ընդօրինակուած «կեղծերը» շատ շուտով հրապարակ կ՛իջնեն ու կ՛ողողեն շուկաները…
ԷԼԻ ՍԱԱՊ.- Վերջապէս, Էլի Սաապ, իր կարգին, գոհացում տուաւ իր երկրպագուներուն՝ իր գիշերային եւ «սփոր-շիք» հաւաքածոյով։
——————————————————————————————-
ՕԳՏԱԿԱՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ
Ինչպէ՞ս Կազմակերպել Սառնարանը
1- Հանրախանութէն կամ շուկայէն գնուած բանջարեղէններն ու պտուղները ազատեցէք իրենց խաւաքարտէն կամ կերպընկալ ծրարներէն, լուացէք, ցամքեցուցէք եւ տեղաւորեցէք անոնց վերապահուած գզրոցներուն մէջ։ Հաւկիթները երբեք չլուաք, որպէսզի մանրէները կեղեւէն ներս թափանցելու առիթ չունենան։
2- Իւրաքանչիւր ուտելիքի տեսակ իրեն համապատասխան դարանը ունի։ Պաղ գօտիին (0-4 աստիճան) մէջ տեղաւորեցէք մսեղէններն ու հաւեղէնները, ինչպէս նաեւ՝ ձկնեղէնը, թարմ պտուղի հիւթը, երշիկի եւ ապխտած միսերու տեսակները եւ պանիրները։ 4 – 6 աստիճան գօտիին մէջ զետեղեցէք եփած ուտելիքները, իսկ դրան վրայ՝ հաւկիթը, կաթը, կարագը…
3- Ուտելիքները պահեցէք կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ։ Ընտրեցէք փոքր եւ միջակ չափի տուփեր, զորս կրնաք վրայ-վրայի դասաւորել, եւ հրաժարեցէք տեղ գրաւող խոշոր տեսակներէ, որոնք նաեւ արգելք կ՛ըլլան օդը ազատօրէն շրջելուն։ Մի՛ մոռնաք, որ թացան մը մէկ շաբաթէն աւելի կարելի չէ պահել, իսկ հաւկիթի դեղնուց մը՝ հազիւ 24 ժամ…
4- Սառնարանը մաքրեցէք ամիսը 2 անգամ՝ տաք ջուրով եւ ճերմակ քացախով։ Թափեցէք չորցած, հինցած կամ քարացած ուտելիքները եւ ածուխի կտոր մը զետեղեցէք դարաններէն մէկուն մէջ, որպէսզի գէշ հոտերը ծծէ։
5- Սառցարանը կոկիկ պահելու համար ուտելիքները տեղաւորեցէք կերպընկալ, փակ տոպրակներու մէջ։ Այսպիսով, թէ՛ տեղ կը շահիք, եւ թէ՛ օդը ազատօրէն կը շրջագայի։
Մի՛ մոռնաք տոպրակներուն վրայ նշելու ուտելիքներուն՝ սառցարանին մէջ զետեղման թուականները։
————————————————————————————————
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ
Ժապաւէնով Պատրաստուած Սիրուն Հանգոյցներ
Տարիներէ ի վեր պահարանը պահուած սեւ փէշ մը, ճերմակ շապիկ մը, բաճկոն մը կրնան ամբողջովին վերանորոգուիլ՝ շնորհիւ սիրուն հանգոյցներու, զորս կարելի է պատրաստել մետաքսեայ, սաթեն կամ թաւշեայ ժապաւէններով։
Զարդասեղի կամ գօտիի վերածուած սիրուն հանգոյցներ կրնան մինչեւ իսկ սփոր շապիկ մը կամ փէշ մը վերածել քիչ թէ շատ «հապիյէ»ի, եթէ հանգոյցները պատրաստուած ըլլան ոսկեայ, փայլուն կամ սաթեն ժապաւէններէ։