ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Յունուար 26ին, մէկօրեայ աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած է Վրաստանի վարչապետ Նիկա Գիլաուրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ մասնակցելու Հայ-վրացական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի ութերորդ նիստին:
Նախքան ժողովի անցնիլը, Վրաստանի եւ Հայաստանի վարչապետները ունեցած են կարճ հանդիպում մը, այնուհետեւ միասնաբար նախագահած՝ յանձնաժողովի հերթական նիստը։
Իր բացման խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է. «Մենք արձանագրում ենք, որ լուրջ առաջընթաց կայ համագործակցութեան բոլոր ոլորտներում: Այսօր աշխատանքային խմբի անդամները մեզ զեկուցել են բոլոր այն հարցերը, որոնք քննարկման փուլում են: Ես ուրախ եմ արձանագրելու, որ բոլոր այդ հարցերի շուրջ իմ գործընկերոջ հետ եկել ենք համաձայնութեան: Համոզուած եմ, որ այդ հարցերի լուծումը նպաստելու է մեր երկու երկրների քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային համագործակցութեանը»:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են 2008ի Դեկտեմբեր 9ին, Թիֆլիսի մէջ կայացած նախորդ նիստի որոշումներուն իրագործման ընթացքը, ինչպէս նաեւ կողմերուն միջեւ պայմանագրային հիմքի ներկայ վիճակն ու զարգացման միտումները: Քննարկուած է նաեւ Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ պետական սահմանագիծը յստակացնելու ընթացքը:
Երկու վարչապետները նշած են, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջողութեամբ։ Անոնք յոյս յայտնած են, որ միջկառավարական յանձնաժողովի 9րդ նիստը լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ այդ յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման համար:
Վրաստանի վարչապետ Նիկա Գիլաուրի իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ «Մեր ժողովուրդները աւանդական եղբայրական յարաբերութիւններ ունին: Մենք ընդհանուր ծրագիրներ ունինք: Շատ բան ըրած ենք միասին եւ ապագային շատ ընելիք ունինք: Աշխատանքային խումբերը աշխատած են բոլոր ոլորտներու մէջ եւ եկած են համաձայնութեան. ես շատ ուրախ եմ, որ կառուցողական եղած է յանձնաժողովի ութերորդ նիստը եւ համոզուած եմ՝ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ իններորդ նիստի ընթացքին»:
Նշենք, որ ընթացքին երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ղեկավարները ստորագրած են միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին արդիւնքերը ամփոփած արձանագրութիւնը:
Որոշուած է միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ (իններորդ) նիստը իրականացնել Վրաստանի մէջ:
Նիստի աւարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Նիկա Գիլաուրիի համատեղ մամլոյ ասուլիսը, որուն յաջորդած է Վրաստանի վարչապետին այցելութիւնը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
Ողջունելով Վրաստանի վարչապետին այցելութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան յայտնած է. «Մենք բարի հարեւաններ ենք եւ պէտք է յաճախ շփուենք՝ քննարկելու բոլոր այն հարցերը, որոնք երբեմն ծագում են: Մեր համագործակցութեան ծաւալը, յարաբերութիւնների մակարդակն այնպիսին է, որ մեզ ուղղակի պարտաւորեցնում է աշխատանքային կարգով ամէն օր անդրադառնալ այդ հարցերին: Մենք Վրաստանը համարում ենք եղբայրական, բարեկամական երկիր եւ պատրաստ ենք աւելի խորացնել մեր յարաբերութիւնները»:
Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարը Հայաստանի նախագահին փոխանցած է Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի լաւագոյն բարեմաղթանքները եւ Վրաստան այցելելու հրաւէրը: «Մենք հիմա լաւագոյն՝ եղբայրական յարաբերութիւններ ունինք», ընդգծած է վարչապետ Գիլաուրի:
Նախագահ Սարգսեան հետաքրքրուած է երկկողմանի միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքով: Ան Վրաստանի վարչապետին հետ միտքեր փոխանակած է նաեւ երկու երկիրներուն մէջ տնտեսական վիճակի եւ հակաճգնաժամային ձեռնարկներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.