ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Յունուար 26ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իրականացուցած է խորհրդակցութիւն մը, զոր վարած է նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով, պաշտպանական բարեփոխումներու վերաբերող խորհրդակցութեան ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկած են Հայաստանի Զինուած ուժերու (ԶՈւ) գլխաւոր շտապի պետ, գնդապետ Ե. Խաչատուրով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ա. Նազարեան եւ վարչութիւններու պետեր:
Քննարկուած են Զինուած ուժերու կառավարման, բարեփոխումներու հայեցակարգային եւ օրէնսդրական ապահովման, անձնակազմի կրթութեան եւ վերապատրաստման, պաշտպանական ծրագրաւորման ու ամավարկային համակարգի բարեփոխման վերաբերող հարցեր՝ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով պաշտպանութեան ռազմավարական ծրագրաւորման խնդիրներուն:
Ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները՝ Ս. Օհանեան նշած է, որ պաշտպանական բարեփոխումները մօտեցած են այնպիսի փուլի, ուր պէտք է անդրադառնալ զօրային բուն կառոյցին, անոր կառուցուածքին, մարտական պատրաստակամութեան վիճակի բարելաւման եւ ռազմավարական ծրագրաւորման խնդիրներուն: