ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանցի ականաւոր ընդդիմադիր ղեկավար Մեհտի Քարուպի, Երկուշաբթի, Յունուար 25ին յայտնեց, թէ ինք Մահմուտ Ահմատինեժատը կը ճանչնայ իբրեւ Իրանի նախագահ, հակառակ անոր, որ կասկածներ ունի անցեալ տարուան ընտրութիւններու արդիւնքին շուրջ: Քարուպիի որդին յայտնած է, թէ իր հայրը ընտրութեանց արդիւնքներուն շուրջ կասկածներ ունի, սակայն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի զօրակցութեան պատճառով, ինք եւս կ՛ընդունի ընտրութեան արդիւնքը։ Իրանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Քարուպի, նախագահական ընտրութեանց ընթացքին չորրորդ դիրքը գրաւած էր: Յայտնենք, թէ Իրանի ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի Ահմատինեժատի դէմ նոր ցոյցերու։