Թուրքիա նոր գիւտ մը ըրած է՝ Հայաստանի հետ 10 Հոկտեմբերի համաձայնագիրը չվաւերացնելու իր կեցուածքը արդարացնելու համար։ Անգարա կը յայտարարէ, թէ անընդունելի կը գտնէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի ծանօթ որոշումը, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէ… նախապայմաններ։
Անմիջական հակազդեցութեամբ մը կրնանք ըսել. «Տես թէ ո՛վ է նախապայմաններու մասին խօսողը»։ Սակայն պէտք է տեսնել նաեւ անմիջականէն անդին։
«Փրոթոքոլ»ներու պատրաստութեան ու ստորագրումի հանգրուաններէն ի վեր, բացուած է սակարկութիւններու ոլորտ մը, որուն մէջ իրենք զիրենք զետեղած են, գիտակցաբար կամ անգիտութեամբ, Հայաստանի պետական վարիչները։
Սահմանադրական դատարանին (այլապէս սխալ) որոշումն է նորագոյն սակարկութեան նիւթը։ Երէկ, սակարկութեան դրուած էր Արցախի հարցը, երբ Անգարա եւ Պաքու զուգերգով մը կը ներկայանային աշխարհին, թէ՝ հայկական ուժերը պէտք է քաշուին Ատրպէյճանէն «գրաւուած հողեր»էն, ու զայն կը կապէին Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագիրներու վաւերացման։
Նման խաղեր կը ծառայեն միայն էական հարցերէն ուշադրութեանց շեղումին։ Այսինքն, եթէ Սահմանադրական դատարանին որոշումը հաճելի թուէր Անգարային, կամ Արցախի հարցին ու համաձայնագիրներուն միջեւ կապը հաստատուէր-անջատուէր, ապա հարցերը լուծման ճամբու մէջ մտած պիտի նկատուէի՞ն։
Վստահաբա՛ր ոչ, որովհետեւ հարցին էութիւնը՝ հայապատկան հողերուն՝ սահմաններու, նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու փոխհատուցման կէտերն են. մնացեալը՝ ուշադրութիւնները անոնցմէ շեղելու, զանոնք լուսանցքայնացնելու կը միտին, թակարդ, որմէ պէտք է դուրս գալ, հեռու մնալ, հետամտիլ էականին։
Այս ընելու համար, նաեւ անհրաժեշտ է դուրս գալ «փրոթոքոլ»ներուն հետեւանքով ստեղծուած տղմուտ ոլորապտոյտէն, անցնիլ նախաձեռնողի դիրքի։