Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ Պարաք Օպամա կը նշէր Սպիտակ տուն մուտքին առաջին տարեդարձը, յաջորդական երկու «նուէր» ստացաւ. Մեսեչուսեցի մէջ, դեմոկրատները կորսնցուցին արդարութեան ու ժողովրդավարութեան դրօշակիր պատմական դէմքի մը՝ ծերակուտական Ռապըրթ Քենետիի թափուռ մնացած աթոռը, իսկ Գերագոյն ատեանը չորսի դէմ հինգ քուէով որդեգրեց որոշում մը, որ ընտրապայքարները այսուհետեւ բաց կը թողու նիւթական անսահմանափակ կարողութիւններով օժտուած ընկերութիւններու նոյնքան անսահմանափակ միջամտութիւններուն առջեւ։
Քենետիի աթոռին կորուստը մտահոգութիւններու փոքր բաժինն է. ի շարս այլ բաներու, անիկա մեկնաբանուեցաւ իբրեւ հակահարուած մը՝ Օպամայի ձախաւեր քաղաքականութեան, ու կարեւոր յաղթանակ մը՝ հանրապետականներուն համար։ Աթոռներու ձեռքէ ձեռք խլման այս խաղը, սակայն, այնքան ծանր հետեւանքներ չի խոստանար, որքան միւսը՝ ընտրապայքարի համար անսահմանափակ գումարներու օգտագործման արտօնումը։ Գերագոյն ատեանը եւ անոր տրամաբանութեան թմբկահարները այս որոշումը արդարացուցին… սահմանադրական հիմնաւորումով, ըսելով, որ նախկին արգելքը կը հակադրուէր սահմանադրութեան այն յօդուածին, որ կը վերաբերի ազատութիւններուն։
Առաջին հերթին, սա կը նշանակէ, թէ նման արգելք դնողները, իշխանութեան ո՛ր կալուածին ալ որ պատկանած են, ապուշներ ու արդարութենէ, սահմանադրութենէ եւ ժողովրդավարութենէ բան չհասկցողներ են եղած։ Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել Գերագոյն ատեանի չորս «իմաստուն»ներուն որոշումը…։ )Նշուեցաւ, որ քուէարկողներէն երկուքը նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի օրով նշանակուածներ են, հետեւաբար, այս որոշումը «պուշիզմ»ի շարունակման մէկ այլ արտայայտութիւնն է Օպամայի օրով(։
Երկրորդ եւ իրա՛ւ նշանակութիւնը այն է, որ արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը կը հարուածուին մէկ քարով։ Այսուհետեւ, օրէնքով կը հաստատուին ցարդ ապօրինի նկատուող բոլոր նման միջամտութիւնները, որոնք այլապէս տեղի կ՛ունենային արդէն։ Չմոռնանք, որ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն, ու հակառակ օրինական անցարգելներուն, նախագահ Օպամա իր ընտրապայքարին համար ծախսեց շուրջ 750,000 միլիոն տոլար, իսկ 2008ի ընտրապայքարին մասնակցող թեկնածուներուն տրամադրած գումարները անցան մէկ միլիառ տոլարի սահմանը։ Չոր իրականութիւնն ալ այն եղաւ, որ ընտրապայքարը շահեցաւ… առաւելագոյն ծախսողը։
Գաղտնիք չէ, որ Օպամայի ընտրապայքարը չֆինանսաւորուեցաւ համակիրներու գսակէն, այլ մեծ ընկերութիւնները տրամադրեցին մեծագոյն բաժինը։ Նոյն ընթացքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, օրէնքներու պատրաստութեան ընթացքին՝ ետդարձի մատնելով նախագահին ընտրական խոստումներն ու վարքագիծը։ Ամէնէն աղաղակող օրինակը՝ առողջապահական ապահովագրութեան օրինագիծին տառապալի ճամբորդութիւններն են Ներկայացուցիչներու տունէն դէպի Ծերակոյտ. ապահովագրութեան, բժշկագիտական ու դեղեր արտադրող ընկերութիւններ բազմահարիւր միլիոն տոլար ծախսած են ու կը շարունակեն գումարներ հոսեցնել, որպէսզի ծնելիք օրէնքը աւելի՛ մեծ շահեր ապահովէ իրենց ու հետզհետէ նուազեցնէ տուրք վճարող քաղաքացիներուն օգտուելիք բաժինը, աւելցնէ դարմանումի ու հիւանդանոցային խնամքի համար անոնց վճարումի բաժինը։
Եւ… ի՞նչ հեգնանք. Օպամա եղաւ Գերագոյն ատեանին որոշումը քննադատողներէն առաջինը։ Յուսանք, որ ան անկեղծ է իր քննադատութեան մէջ։
Սակայն քննադատութիւնները ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենան, եթէ որոշումը մնայ ի զօրու։ Որովհետեւ այս որոշումէն անդին, մեծ գումարներն են, որոնք պիտի որոշեն ընտրելիները, անոնք ըլլան նախագահ, խորհրդարանական թէ այլ։ Նախագահներ, խորհրդարանականներ, նահանգապետներ եւ այլ ընտրելիներ պիտի ըլլան (գոնէ մեծ մասամբ) դրամին տիրապետող եւ իրարու հետ մրցակցութեան ելած ընկերութիւններուն իրողական պաշտօնեաները։ Նոյն ակնոցով կարելի է նայիլ նաեւ արդարադատութեան մարզի պաշտօնատարներուն, հոգ չէ թէ ըստ էութեան, պետութեան երեք թեւերը՝ գործադիրը, օրէնսդիրն ու դատականը, պաշտօնապէս իրարմէ անկախ կը գործեն։ Գաղտնիք չէ, թէ քարոզչութեան համար ծախսուող գումարները, ժողովուրդը ուղեղալուացքի ենթարկող քարոզարշաւները, ինչպիսի՛ ազդեցութիւն կ՛ունենան քուէարկութեանց արդիւնքին վրայ, անկախ այն իրականութենէն, որ յաճախ քուէարկութեան կը դրուին օրէնքներ ու թեկնածուներ, որոնք այլընտրանք չեն թողուր քուէարկողին. որո՛ւն ալ քուէարկես, վերջնական արդիւնքը քու ուզածդ չէ, այլ՝ մեծ գումարներ ծախսողներունը։ Այլ խօսքով, ժողովրդավարութեան ամէնէն գործնական արտայայտութիւնը՝ քուէն, կը դառնայ ուղղակի զոհը, ինչպէս որ արդարութեան մեքենան, օրէնքի անունով, կը բանայ անարդարութիւններու ճամբան։
Քուէարկողներուն կը մնայ մէկ մխիթարանք. ի վերջոյ, ամենակարող ընկերութիւնները հարստացած են ու կը հարստանան քուէարկող զանգուածներու գսակէն։ Այլ խօսքով, քաղաքացիէն «կթուած» դրամով է որ պիտի կիրարկուի ժողովրդավարութիւնը, «նոր ժողովրդավարութիւնը»…