ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայոց պատմութեան դառն ու ամօթալի էջերու շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ 25 Յունուար, 1921ին, հայոց ազգային բանակի սպայակազմի հաւաքական աքսորը դէպի Ռուսիոյ խորերը։
Լենին-Քեմալ գործակցութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան կործանումէն եւ հայոց նորաստեղծ պետութեան խորհրդայնացումէն ետք, հայանուն պոլշեւիկներու քաղաքական յանցագործութեանց ամօթալի քայլը եղաւ հայկական բանակին գլխատման հետամուտ այդ ազգադաւ հարուածը։
Աւելի քան 1200 սպաներու հետ, 1918ի Մայիսեան յաղթական ճակատամարտներու ընդհանուր հրամանատարն ու նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան սպարապետը՝ զօրավար Թովմաս Նազարբէգեանը, դատապարտուեցաւ աքսորի։ Հայ սպայակազմը պարտաւորուեցաւ, խստաշունչ ձմրան դաժան պայմաններուն տակ, երկար ճամբայ կտրել հետիոտն։
Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան ձերբակալումին եւ բանտային սպանդին յաջորդած պոլշեւիկեան իշխանութեանց այս յանցագործութիւնը միշտ ալ մղձաւանջի պահեր պիտի առաջացանէ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ։
Երեւակայեցէք եօթը դարերու գերութենէն ետք իր անկախութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը։ Պատկերացուցէք նորանկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ ազգային պետականութեան իր կռուանները հիմնադրելու սխրանքով եւ «անձեւ քաոս»էն, սուգի ու սովի, արեան ու մաքառումի օրհասական պայմաններէն՝ Րաֆֆիներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կանխատեսած «խենթի երազ»ն ու «վարդահեղեղ արշալոյսներ»ը իրագործելու երկունքով։ Ապա՝ մտաբերեցէք, զուգահեռաբար, Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց փլատակներուն վրայ ահագնացող մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան նորանուն խորշակները՝ պոլշեւիկեան եւ քեմալական կատաղութեան բորբոքումները…
Այդ պարագային, հայոց պատմութեան 1920-1921 թուականներու ազգային-պետական եւ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու այդ պաստառին վրայ, «Հայու ճակտին ամօթի խարան»էն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի է տալ նման քայլի։
Միայն «ամօթի խարան» կարելի է անուանել 89 տարի առաջ, այսօր, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ եւ սուիններու ուժով անկախ Հայաստանի հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդայնացումին փշէ պսակը հանդիսացած Հայոց Բանակի սպայակազմի այդօրինակ աքսորը։
Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ, Քրեմլէն թէ Անգարայէն կամ հաւասարապէս երկու կողմերէն եկած հրահանգներ գործադրելով, թէ ներքին՝ սեփական ի՜նչ-ի՜նչ բարդոյթներու բաւարարութիւն տալու հիւանդագին մտայնութեամբ, թուրք ու թաթար պոլշեւիկներու հետ եղբայրացած հայանուն «յեղափոխական»ները, փաստօրէն, դիմեցին հայ ժողովուրդը գլխատելու ամօթալի քայլին, որուն բարձրակէտը պիտի հանդիսանար, հետագային, հայ մտքի ու տաղանդի ուղղակի ֆիզիքական մաքրագործումը 1936ականներուն…
Պատմութեան անիւը շրջուած է այսօր եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը իր հայեացքը ուղղած է հայոց պատմութեան մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի հերոսական էջերուն՝ գերագոյն անձնուիրութեամբ Հայաստանի ու հայութեան յաղթական ուղին նուաճած արի այրերուն։
Ոչ ոք իրաւունք ունի մոռացութեան մատնելու մեր նորագոյն պատմութեան ամօթալի այդ էջը, որպէսզի Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան իր սրբազնագոյն առաքելութեան մէջ, մերօրեայ հայ զինուորը պատանդ չմնայ հայու ճակտին խարանուած ամօթի մղձաւանջին։ Ընդհակառակն, միշտ պիտի յիշենք եւ յիշեցնենք մեր պատմութեան տխուր օրերէն մէկը՝ պոլշեւիկներու կողմէ անարգ աքսորի դատապարտուած Դրօներու եւ Նազարբէգեաններու օրինակը, որպէսզի անոնց մարմնաւորած ռազմահայրենասիրական սխրանքները ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեան աղբիւր դառնան նորահաս սերունդներուն համար։
Որպէսզի մէկանգամընդմիշտ փակուի հայանուն իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ամօթալի էջը։