ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի «Արարատ» խումբի կանանց պասքեթպոլի գլխաւոր, ինչպէս նաեւ Իրանի վաստակաւոր մարզիչ Օդէտ Աղաջանեան, Իրանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան կողմէ նշանակուած է Իրանի կանանց պասքեթպոլի դաշնակցութեան քարտուղար:
Ըստ «Ալիք» օրաթերթին, արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է որ ան ստանձնած է իր նոր պաշտօնը: Նշենք, որ Օդէտ Աղաջանեան նաեւ Թեհրանի մէջ կայացող պասքեթպոլի ողիմպիականի ղեկավարներէն է: