ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յունուար 28ին, Նորանկախ Հայաստանի Զինուած ուժերու կազմաւորման 18րդ տարեդարձին, նախագահ Սերժ Սարգսեան իր տօնական ուղերձին մէջ նշած է, թէ «Որեւէ սադրանքի հեղինակ հաստատապէս պէտք է լուրջ հակահարուածներ, նաեւ մեծ անակնկալներ սպասի Հայկական բանակից. չհասկանալ սա՝ առնուազն միամտութիւն է»:
«Այսօր Հայոց բանակը այն երկաթէ երաշխիքն է, որ ապահովում է մեր գոյութիւնն ու ընթացքը եւ սառը ցնցուղ է ցանկացած տաքգլուխ արկածախնդրութեան դէմ», ըսուած է Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ:
Նոյն օրը, առաւօտեան, Հայաստանի հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարները՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Իշխանութեան ներկայացուցիչներէն ետք Եռաբլուր այցելեցին ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) ներկայացուցիչները։ Զրուցելով լրագրողներուն հետ, ՀԱԿի բանբեր Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, թէ բանակը այն սակաւաթիւ կառոյցներէն է, որ ընդդիմութիւնը չի քննադատեր:
«Բանակը մեր յաղթանակների եւ ապագայ անվտանգութեան երաշխաւորն է եղել եւ կայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մեր քննադատութիւնը ուղղուած է ոչ թէ բանակին, այլ այս իշխանութիւններին, որոնք ամէն ինչ արեցին՝ բանակը փճացնելու, բանակը ներքին քաղաքական նպատակներով օգտագործելու։ Բանակը պիտի լինի սրբութիւն, բանակը չպիտի ծառայեցուի, ոչ միայն բանակը, այլ ընդհանրապէս, պետական ինստիտուտները (հիմնարկները-Խմբ.) չպիտի ծառայեցուեն ինչ որ մարդկանց սեփական շահերին: Եւ մենք ամէն ինչ անելու ենք, որ դա լինի»:
«Բանակին քննադատել իմ համար՝ ոնց որ հօրս քննադատեմ», իր կարգին յայտնեց Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեան:
Իսկ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Ստեփան Դեմիրճեան նշեց, թէ բանակը «Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ամենակայացած կառոյցներից մէկն է՝ եթէ ոչ ամենակայացածը»:
Նշենք, որ նոյն օրը, Հայաստանի նախագահի նստավայրէն ներս տեղի ունեցաւ պետական բարձր պարգեւներու տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւն: