ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ օգնութեան միութիւնը իր հարիւրամեակը տօնակատարելու համար մշակած է ծրագիրներու ամբողջ շարք մը, որ հերթաբար հանրութեան պիտի ներկայացուի եւ որ վստահաբար պիտի արժանանայ մեր բոլորին ուշադրութեան:
Այս ձեռնարկները առիթ պիտի դառնան, որ մենք, մեր կարգին, փոխադարձենք ու հարիւրամեայ մեծ կազմակերպութեան ազգանուէր գործունէութեան հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու ձեւերը գտնենք:
Այսինքն՝
Գտնենք ձեւը շնորհակալութիւն յայտնելու ազգապահպանման բազմատեսակ աշխատանքներուն համար, սկսեալ՝ ամէնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութենէն, գործող վարժարաններուն մշտապէս օգնութեան ձեռք երկարելէն, կարիքաւոր աշակերտներու համար կրթաթոշակներ վճարելէն, շաբաթօրեայ դպրոցներ բանալէն ու զանոնք վարելէն:
Գտնենք մեր երախտիքը յայտնելու միջոցը՝ Ցեղասպանութեան թէ տարբեր բնական ու քաղաքական աղէտներու զոհ հայ տարագիրներուն ապաստան, սնունդ, դեղօրայք, ինչպէս նաեւ բարոյական ու նիւթական ամէն ձեւի աջակցութիւն ցոյց տուած այս կազմակերպութեան:
Գտնենք այս մեծ միութիւնը փառաւորելու բանաձեւերը, զորս կրնանք կրկնել ամէն անգամ, երբ Ախուրեանի մէջ «Մօր ու մանկան» հիւանդանոցէն նորածին հայ մանուկի մը առաջին ճիչը կը լսուի, ամէն անգամ, երբ արցախցի մանուկը ջերմ միջավայրի մը մէջ օր մը կ՛անցնէ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու յարկին տակ:
Գտնենք մեր գոհունակութիւնը արտայայտելու ձեւը՝ ՀՕՄուհիներուն, որոնք իրենց շունչով ու ամէնօրեայ ներկայութեամբ կը շէնցնեն հայ կեդրոնները՝ ազգապահպանման այդ ամուր բերդերուն սիւները առաւել ամրացնելով:
Թող մեր ազգն ու իր զաւակները վատ օր չտեսնեն այլեւս: Բայց, եթէ ճակատագիրը մեզ վերապահած է նման օրեր, ապա թող հսկայանայ ՀՕՄը, թող հզօրանայ ՀՕՄը, որ մեր նեղ օրուան ամէնէն յուսալի յենարաններէն է: