ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին լոյս պիտի տեսնէ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան պաշտօնաթերթ «Հայդուկ»ին նոր թիւը (Ձմեռ, 2010): Զայն ձրիաբար կարելի է ստանալ հայկական համայնքային կեդրոններէ, վարժարաններէ, գրախանութներէ կամ այցելելով ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան Կլենտէյլի գրասենեակը՝ 104 North Belmont St., Glendale, CA, #206 հասցէին:
Թիւը ամբողջութեամբ պիտի ըլլայ նաեւ թերթին համացանցային կայքին վրայ, իսկ զայն համացանցի միջոցաւ ստանալու համար, կարելի է դիմել www.haytoug.org/subscribe հասցէին:
Թերթին նորագոյն թիւը, որ ունի «Ամէն ինչ ծախու չէ» ընդհանուր խորագիրը, մեծամասնութեամբ նուիրուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով ստորագրուած արձանագրութիւններուն: Հոն կան նաեւ ՀԵԴի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ Արցախի ազգատագրական պայքարի գօտեպնդիչ պատմութիւններ: