ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Յայտնի իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան Շաբաթ, Յունուար 23ին կայացած եւ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարվին Պեքսթըրի գլխաւորած երդման արարողութենէ մը ետք, պաշտօնապէս դարձաւ Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութեան նախագահ:
Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ միութեան տարեկան 61րդ ճաշկերոյթին ընթացքին:
Իր հայկական արմատներուն մասին արտայայտուելով՝ Մարտիրոսեան խօսեցաւ նաեւ իր ծնողքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր եւ մեծ մօր մասին: Ան նաեւ հպարտութեամբ յայտնեց, թէ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանին մէջ երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դատաւորը հանդիսացող Մարվին Պեքսթըր, որ միաժամանակ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ամենաբարձրաստիճան հայազգի դատաւորն է, իրեն նման խարբերդցի է:
Պեքսթըր եւս արտայայտուեցաւ Խարբերդէն եկող իր արմատներուն եւ հայութեան պայքարին մասին, դրուատեց Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութեան տարած աշխատանքը եւ շեշտեց, թէ իրեն համար յատուկ պատիւ մըն է այս երդման արարողութեան մասնակցիլը:
Յայտնենք, թէ տեղի ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութեան վարչութեան անդամներուն երդման արարողութիւնը եւ յատկանշական է, որ վարչութեան անդամ են նաեւ այլ հայ իրաւաբաններ՝ Գառնի Շեքերեան ու Արմէն Թաշճեան:
Հայ իրաւաբաններուն նեցուկ կանգնելու նպատակով, ճաշկերոյթին ներկայ էր նաեւ Հայ իրաւաբաններու միութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:
1949ին հիմնուած Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութիւնը ունի մօտաւորապէս 3000 անդամներ եւ իր տեսակին մէջ իրաւանաբական մեծագոյն միութիւնն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Մարտիրոսեան սոյն միութեան կողմէ ընտրուած էր «Տարուան իրաւաբանը»՝ 2000ին, եւ 16 տարիներէ ի վեր անդամ է անոր ու կը հանդիսանայ նախագահի պաշտօնին հասած առաջին հայ իրաւաբանը:
Մարտիրոսեան իր իրաւաբանական ասպարէզի 28 տարիներուն ընթացքին միլիոնաւոր տոլարի վնասուց հատուցումներ ապահոված է սպառողներու շահագործման դէմ բացուած դատերով, որոնցմէ մէկն է անցեալ տարուան Մայիսին ինքնաշարժներու «Լէնտ Ռովըր» ընկերութեան դէմ բացուած դատը, որ 21.6 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում մը ապահովեց իր յաճախորդին:
Նկատի ունենալով, որ Կարօ Մարտիրոսեան UCLA-էն աւարտած է, երդման արարողութեան ընթացքին համալսարանին նուագախումբը քանի մը եղանակներ նուագեց ի պատիւ անոր: