ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Կլենտէյլի ոստիկանութեան անդամ չորս հայ ոստիկաններ եւ հայ նախկին ոստիկան մը դաշնակցային ատեանի մը մէջ դատ բացած են Կլենտէյլի ոստիկանութեան դէմ՝ զայն ամբաստանելով հայ ոստիկաններուն դէմ խտրականական մօտեցում ցուցաբերելու, անոնց վրայ անտեղի ճնշում բանեցնելու եւ անոնց բողոքները անտեսելու յանցանքով:
Դատը բացողներն են՝ ներկայ ոստիկաններ Ճան Պալեան, Ռապըրթ Բարսեղեան, Վահագ Մարտիկեան եւ Տիգրան Թոփաճիքեան, ինչպէս նաեւ նախկին ոստիկան Պէնի Սիմոնզատ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ քաղաքի դատախազ Սքաթ Հաուըրտ անհիմն կը համարէ հայ ոստիկաններուն ամբաստանութիւնները, ոստիկաններուն կողմէ դաշնակցային ատեանին ներկայացուած բողոքագրին մէջ նշուած է, թէ հայ ոստիկաններ անարգական վերաբերմունքի կ՛ենթարկուէին եւ անտեղի կերպով կը պատժուէին: Հայ ոստիկանները նաեւ կը պնդեն, թէ քաղաքին մէջ հայութեան բնակչութեան համեմատած հայ ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ է՝ ոստիկանութեան ղեկավարութեան ցուցաբերած խտրականութեան հետեւանքով: