ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 13ին, յաջորդական վեցերորդ տարին ըլլալով, Կլետնէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իրականացուց հայկական Ս. Ծն-նդեան տօնակատարութիւնը, քաղաքին Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 200 համակիրներու, գործիչներու, ընտրեալ պաշտօնատարներու եւ համայնքային ղեկավարներու:
Հաւաքը առիթ մըն էր ծանօթանալու անցեալ տարուան ընթացքին յանձնախուբի իրագործումներուն, նոր կեդրոնին եւ ապագայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ նոր վարչութեան, որուն համա-ատենապետներն են՝ Լէոնարտ Մանուկեան եւ Սարգիս Ուրֆալեան, իսկ անդամներն են՝ Գառնիկ Աբրահամեան, Արմիկ Աւետիսեան, Միքայէլ Քուրինեան, Սարգիս Փոլատեան, Դալար Շխրտմեան, Զարեհ Սինանեան, եւ դրամահաւաքի յանձնախումբին ատենապետն է Ճէքլին Պոյաճեան:
«Ուրախ ենք, որ մեծ թիւով համակիրներ եւ պաշտօնատարներ ներկայ էին այս հաւաքին, սակայն միաժամանակ յուսախաբ ենք, որ քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներէն ոչ մէկը ներկայ էր մեզի հետ տօնելու հայկական Ս. Ծնունդը, հակառակ այն իրողութեան, որ քաղաքի բնակչութեան 40 տոկոսը հայ է», ըսաւ Սարգիս Ուրֆալեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Էլէն Ասատրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ յանձնախումբի աշխատանքներուն նեցուկ կանգնելու համար: Ապա Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան յակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայկական Ս. Ծնունդի աւանդութեան:
Իր կարգին, Լէոնարտ Մանուկեան ներկայացուց յանձնախումբի աշխատելաձեւին մէջ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն որդեգրուելիք փոփոխութիւնները, յատկապէս ենթայանձնախումբերու շարք մը մէջտեղ բերելու ուղղութեամբ, իսկ Ուրֆալեան խօսեցաւ յանձնախումբին 2009ի գործունէութեան մասին՝ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով վարժողական ծրագրին:
Աւարտին, անցեալ տարուան վարժողական ծրագրին մասնակիցներուն՝ Դալար Ալեքսանեանի, Գարուն Ռայէսի, Սարգիս Պալակիոզեանի, Էրիք Դալիրի, Մարի Դանիէլեանի, Դալա Քաքիլեանի, Քաթիա Քազարեանի, Սանան Մահսէրէճեանի, Փօլինէ Մանասիի, Սուրէն Աբրահամ Օտապաշեանի, Յակոբ Օկանէսեանի, Արաքս Սարգիսեանի եւ Անաշէ Թահմազեանի յանձնուեցան յատուկ վկայագիրներ:
Այս առիթով, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպած էր նաեւ պահածոյ ուտեստեղէնի հաւաք, որմէ գոյացան 1500 տուփեր, որոնք պիտի յանձնուին Կլենտէյլի մարդասիրական «Սալվէյշըն արմի» կազմակերպութեան: