ՊԱՔՈՒ.- Շարունակելով ատրպեճանական ապատեղեկատուական արշաւը, Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան խորհրդարանական համախմբումը Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին յատուկ որոշում մը որդեգրած է՝ զօրակցելով «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին։
Կազմակերպութեան անդամ 51 երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներ եւ անդամներ, Ուկանտայի մայրաքաղաք Քամփալայի մէջ կը մասնակցէին համախմբումին 6րդ նիստին։
«Արդարութիւն Խոջալուի» միջազգային արշաւի ծիրին մէջ որդեգրուած որոշումը Խոջալուի դէպքերը կոչած է՝ «հայկական զինեալ ուժերու կողմէ խաղաղ բնակչութեան ջարդ մը եւ մարդկութեան դէմ ոճիր մը»։
Որոշումը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին, եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ 51 երկիրներու խորհրդարաններուն կոչ կ՛ուղղէ դէպքերը ճանչնալու՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր, ինչպէս նաեւ ազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ զօրակցելու Ատրպէյճանի արշաւին։