ՊԱՔՈՒ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ վերջերս շռնդալից յայտարարութիւն ըրած էր այն մասին, թէ՝ ինք շատ գոհ էր Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութենէն, Կիրակի, Յունուար 31ին գանգատեցաւ Թուրքիոյ յանձնուած բնական կազի ցած գինէն եւ ըսաւ, որ կարելի չէ շարունակել այս ընթացքը:
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, որ «Նապուքօ»ի ծրագրին մէջ առկայ են բազմաթիւ հարցեր, որոնք ցարդ անպատասխանի մնացած են: Ըստ իրեն, յայտնի չէ, թէ ո՞վ է այդ ծրագրին գլխաւոր առաջնորդը, ո՞վ առաջ պիտի տանի բանակցութիւնները, ո՞վ սեղան պիտի նստի կազ արտադրող ու կազ փոխադրող երկիրներու հետ բանակցութեանց, ո՞վ պիտի վաճառէ բնական կազը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ բնական կազին գինը: «Այս բոլորին մասին բան չենք գիտեր», ըսաւ Ալիեւ:
Ինչպէս յայտնի է, երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիա ու Ատրպէյճան իրարու հետ կը բանակցին բնական կազի գինին մասին, բայց ցարդ վերջնական համաձայնութիւն մը չեն կրցած գոյացնել: