ՄՈԿՍՈՒԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռեկնում», «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Փետրուար 4ին դարձեալ անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերող որոշումին՝ յայտարարած է, որ Թուրքիա հաւատարիմ է իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ կը պահանջէ, որ Հայաստան եւս յարգէ ստորագրուած փաստաթուղթերը։
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած «Թուրքիոյ դերը՝ ուժերու փոխուող հաւասարակշռութեան լոյսին տակ» նիւթին շուրջ խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով, Թուրքիոյ վարչապետը կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին աշխուժացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։
«Թուրքիան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու ծիրին մէջ, եւ իբրեւ շրջանային կարեւոր երկիր, կը փորձէ կարգաւորել հայ-ատրպեճանական հակամարտութիւնը։ Մենք կարճ ժամանակի մէջ պէտք է լուծենք Ղարաբաղի հարցը, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի», ըսած է Էրտողան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկին յայտարարեց, թէ հարց մը չի տեսներ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով շարունակուող աշխատանքներուն մէջ, սակայն ընդունեց, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ ընդունուած պատճառաբանեալ վճիռէն ետք, գործընթացը որոշ դժուարութիւններու հետ դէմ յանդիման մնացած է։ Բանբերը ըսաւ, որ Թուրքիոյ մեկնաբանութիւններէն ետք, Հայաստան սկսաւ պնդելու, թէ Թուրքիա իր կարծիքը փոխած է, սակայն այդպիսի բան մը չկայ եւ Թուրքիա իր կարծիքը չէ փոխած:
Էօզիւկերկին եւս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յառաջիկայ օրերուն Զուիցերիա եւ Ամերիկա պիտի մեկնի՝ այս նիւթին շուրջ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները փոխանցելու համար։
Պատասխանելով Ղարաբաղի մասին ուղղուած հարցումի մը՝ Էօզիւկերկին ըսաւ, որ կարելի է անոր լուծում մը գտնել, հակառակ անոր, որ ան երկար ժամանակէ ի վեր շարունակուող հարց մըն է: Ըստ անոր, բանակցութիւններու գնացքին մէջ փոքրիկ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է եւ յուսալից է, որ յառաջիկայ շրջաններուն շօշափելի նոր քայլեր առնուին։ «Ասիկա կախեալ է բանակցող կողմերուն կամքէն ու քաջութենէն։ Ամէն պարագայի, Թուրքիա մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն», եզրակացուցած է ան։
erb turk@ k@mbrni, vor chka ir hamar hraver?
minchev egherni zoher@ nshan chtan, vor hangist en hamadzyn,
hay@ chi uzum tesnel turkin ir tan@: chi havatum, chi vstahum:
chi pri ankoghin, mi harki tak knelu: chi kisi hats u jur:
erb turk@ khaskanan, vor liarjek mard eak darnun en djvar ughin antsnelov?
inchpes es pndetsi’
turk@ chi statsel hraver hayi tun:
hay@ chi pri ankoghin turki hama, vor kni mi kturi tak:
hay@ hats u jur chi kisi turki het:
aynkan jamanak minchev eghernu zoher@ nshan chugharken, vor hangist gtan:
turk@ piti @mbrni, vor mard darnum en djvar tsanaparh antsneluts heto:
deh, tsampa @nkek u tsanachek katarats@` hajeri tsghaspanutyun@:
heto toghutyun khndrek: