ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Փետրուար 3ին քանի մը կարեւոր կէտերու անդրադարձաւ, Միջազգային ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կողմէ Թուրքիոյ կարեւորութեան նիւթին շուրջ կազմակերպուած համագումարին ընթացքին։
Էրտողան պնդեց, թէ պետական հարուածներու շրջանը փակուած է երկրին մէջ: «Այսօր երեւան հանուած փաստաթուղթերուն ու մութ ուժերուն մասին կատարուած քննութիւնները կը նշանակեն, որ այսուհետեւ պետական հարուած ըսուածը գոյութիւն պիտի չունենայ», վստահեցուց ան։
«Անցեալին քիւրտ անունը արտասանելն անգամ արգիլուած էր, քրտական հարցը անտեսուած էր, այս բոլորէն բան մը շահեցա՞նք. ահաբեկչութեան արգելք եղա՞ն, թէ ոչ, ընդհակառակը, ահաբեկչութիւններու սաստկանալուն պատճառ դարձան։ Երկար ատեն անտեսեցինք փոքրամասնութիւնները, ասկէ բան մը շահեցա՞ւ երկիրը։ Մենք ալ անցեալին սխալներ գործեցինք։ Այսօր այս բոլորը պիտի սրբագրուին», աւելցուց ան։
Էրտողան պնդեց, թէ այսօր խորհրդարանին մէջ ու ամէնուրեք մեծ թիւով քիւրտեր ու ալաուիներ կարեւոր պաշտօններու վրայ են, «մինչ մէկ հատ իսկ գնչու չունինք այդ դիրքերուն վրայ», խոստանալով՝ այդ եւս սրբագրել:
Ան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա աւելի մօտեցած է արաբական աշխարհին, մինչդեռ նախապէս արաբներուն կը նայուէր իբրեւ թշնամի։