ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Փետրուար 4ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է վեց անձեր, որոնք հաւանաբար «Քայիտա»ի անդամ են։
Անոնք ձերբակալուած են Ատանայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին դէմ կատարուած հրացանաձգութեան հարցով։
Յարձակումը տեղի ունեցած էր Երկուշաբթի երեկոյեան։
Ոստիկանները կասկածելիներուն բնակարաններուն մէջ յայտնաբերած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պատկանին «Քայիտա»ի։
Յուլիս 2008ին, երեք զինեալներ Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի գլխաւոր դարպասին առջեւ պահակ կանգնած երեք ոստիկաններ սպաննած էին: