
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2010ի երեկոյեան, Լա Քանիատա Ֆլինթրիճ Քաունթրի Քլապի սրահին մէջ կազմակերպած տարեկան իր գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին, Ամերիկեան Սկաուտութեան Վրտիւկօ Հիլզի Խորհուրդը, «Արծաթէ Կուղբ 2009» (Silver Beaver) բարձրագոյն մրցանակը շնորհեց չորս սկաուտ ղեկավարներու, որոնցմէ մէկն էր ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Վարուժ Միրզայեանը:
«Արծաթէ կուղբ մրցանակը կը շնորհուի Ամերիկայի Սկաուտութեան անդամ այն անհատին, որ կազմակերպութեան ծրագիրներուն ընդմէջէն մեծ ծառայութիւն մատուցած է սկաուտ երիտասարդութեան եւ իր շրջապատին: Միւս կողմէ Beaverը այն կենդանին է, որ աշխատասիրութիւն կը խորհրդանշէ, իսկ արծաթը՝ պարգեւատրուող խելացի սկաուտին մազի գոյնը: Միրզայեան առաջին ՀՄԸՄականն է, որ Ամերիկեան Սկաուտութեան կողմէ կ՛արժանանար բարձրագոյն այս պարգեւին:
Ահա հպարտալի առիթ մը, որուն ականատես ըլլալու եւ հպարտանքը ապրելու համար ձեռնարկի վայրը փութացած էին աւելի քան 120 ՀՄԸՄականներ, որոնց կարգին էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Գօգօ Պալեան, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ խմբապետական կազմերը, Վարուժան Միրզայեանի հետ գործակցած անցեալի բազմաթիւ խմբապետ-խմբապետուհիներ, իր ընտանեկան պարագաները, հարազատներն ու ընկեր-ընկերուհիներ:

Իւրայատուկ այս ձեռնարկի ընթացքին յանձնուեցան նաեւ այլ մրցանակներ բոլոր այն սկաուտ ղեկավարներուն, որոնք իրենց ընտանիքներուն առընթեր օգտակար հանդիսացած էին կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներու յաջողութեան:
Տպաւորիչ էր նաեւ Ամերիկեան Սկաուտութեան կարեւոր կարգի՝ «Իկըլ Սկաուտ»ի վկայագրերու եւ պէճերու յանձնումը:
Իրենց պատգամներուն մէջ ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը եւ գործակցութիւնը Ամերիկայի սկաուտութեան հետ եւ ներկայացուցին ներկայ Վըրտիւկօ Հիլզի Խորհուրդի զանազան բաժանմունքները, որոնց մէջ ընդգրկուած են բազմաթիւ ՀՄԸՄականներ: Այդ ՀՄԸՄականներու ցայտուն օրինակներէն մէկն էր Վարուժան Միրզայեանը, որ մեծ ներդրում ունեցած է 2007էն ի վեր ՀՄԸՄը Ամերիկեան սկաուտութեան հովանիին տակ գործելու եւ առանձին Խորհուրդ դառնալու կարեւոր նախաձեռնութեան:
1989ին, Վարուժան Միրզայեան ստացած է իր Ամերիկեան սկաուտութեան բարձրագոյն Wood Badgeի կարգը եւ անդամ է Վըրտիւկօ Հիլզի Խորհուրդին: Այնուհետեւ, քանի մը դասընթացքներու դասախօսական կազմին մաս կազմելէ ետք, 1997ին, ղեկավարած է նոյն դասընթացքները իբրեւ ընդհ. Խմբապետ:
Միրզայեանի վաստակը մեծ է յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄի կեանքէն ներս: Ան ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն է, ուր նաեւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ սկաուտական եւ վարչական մարզերէն ներս: Եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու սկաուտական բաժանմունքի ընդհ. խմբապետ եւ Շրջ. վարչութեան անդամ: Մասնակցած է ՀՄԸՄի Շրջանային եւ Ընդհանուր ժողովներու եւ իր օգտակար ներդրումը ունեցած է անոնց կարեւոր որոշումներուն մէջ:
Վարուժ Միրզայեանի պարգեւատրումը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ յատկապէս ներկայ ՀՄԸՄականներուն կողմէ:
Այս ուրախ առիթով, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութիւնը եւ իր անդամակցած ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւս յատուկ գնահատագրեր յանձնեցին Միրզայեանին:
Կը շնորհաւորենք Վարուժ Միրզայեանը պարգեւատրման առթիւ եւ կը մաղթենք, որ անոր օրինակին հետեւին նաեւ այլ հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ: