Սիրելի՛ տիկին Սոնիկ եւ Սիրելի անդամներ
Աւետիսեան եւ Յակոբեան ընտանիքներու
Հալէպ
Խոր ցաւով, կիրակի առաւօտ իմացանք մահը մեր բոլորին շատ սիրելի Տարօնին։ Տակաւին իր կեանքի գարնան մէջ գտնուող եւ խոր հաւատքով ու վառ յոյսով ապագային նայող Տարօնին մահը վստահաբար ցնցեց բոլոր անոնք, որոնք զինք ճանչցան։
Մենք զինք ճանչցանք դպրեվանքի գրասեղանին առջեւ նստած աշակերտէն մինչեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Ծառայական կեանքի այս երկար ճամբան Տարօնը կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին նուաճեց՝ իր ծառայութեամբ, պատասխանատու ոգիով, պարտաւորութիւն ստանձնելու քաջութեամբ եւ զայն հաւատարմօրէն կատարելու պարկեշտութեամբ։
Մենք Տարօնը ճանչցանք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ զինք ճանչցանք իր մտերմութեան մէջ։ Ան նո՛յն Տարօնը մնաց բոլոր մակարդակներու վրայ, իր բոլոր հանգամանքներուն մէջ՝ միշտ կեանքո՛վ լեցուն, խանդավառ ու շրջապատը խանդավառող։
Արդարեւ, յատկանշական երկու երեւոյթներ դարձան տիրապետող ներկայութիւն Տարօնի անձին, գործին ու կեանքին մէջ.-
Առաջին, Տարօնին անհուն ծառայասիրութիւնը։ Իրեն համար ծառայութիւնը հանգամանքին կապուած պարտաւորութիւն մը չէր երբեք։ Ծառայասիրութիւնը իր էութեան սերտօրէն շաղախուած արժանիք մըն էր Տարօնին մօտ։ Ան կը սիրէր ծառայել. ծառայել ու օգտակար ըլլալ բոլորին անխտիր՝ հարուստին թէ աղքատին, աշակերտին թէ հիւանդին, երիտասարդին թէ ծերին, ծանօթին թէ անծանօթին։
Երկրորդ, Տարօնին ամուր կապուածութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Դա՛րձեալ, հանգամանքի բերումով չէր իր հաւատարմութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ։ Ան բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն, սէր ու յարգանք ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ։ Իր կեանքի բոլոր օրերուն Տարօնը ո՛չ միայն պաշտպանը ու արի զինուորը դարձաւ Անթիլիասի առաքելութեան, այլ նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին առաւե՛լ ծաղկումին ու ծառայութեան առաւե՛լ կենսագործումին։
Ահաւասիկ, մարդկային ու ազգային արժէքներով ու արժանիքներով հարուստ անձ մը կը հեռանայ այսօր այս երկրաւոր կեանքէն։ Անձ մը, որ իր կեանքի օրերը լեցուց սէր ու բարիք բաշխելով եւ հաւատարիմ մնալով իր եկեղեցւոյ, իր ազգին ու հայրենիքին։
Իր բարի յիշատակներով, օրինակելի հաւատարմութեամբ ու անձնուէր ծառայասիրութեամբ, Տարօնը պիտի մնայ սիրելի ներկայութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւաքական կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Եւ որպէս գնահատանք իր կատարած անսակարկ ծառայութեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իրեն կը շնորհենք «Ասպետ»ի կարգի շքանշան։
Այս տխուր առիթով, անձնապէս եւ յանուն Սուրբ Աթոռին Կեդրոնական վարչութեան, միաբանութեան, խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ տիկին Սոնիկին, իր երկու զաւակներուն, իր մօր եւ Աւետիսեան ու Յակոբեան ընտանիքներու բոլոր անդամներուն։
Մեր խոր ցաւակցութիւնները՝ նաեւ Տարօնի գաղափարակից ընկերներուն ու բարեկամներուն։ Վերջապէս, Մեր խոր ցաւակցութիւնը Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան բոլոր կառոյցներուն, որոնց հետ Տարօնը երկար տարիներ սերտ գործակցութեամբ ծառայեց մեր սիրելի ժողովուրդին ու սուրիական հայրենիքին։
Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի հանգուցեալի հոգին ու մեր բոլորին տայ Սուրբ Հոգւոյն անսպառ մխիթարութիւնը։
Հայրապետական օրհնութեամբ՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
30 նոյեմբեր 2009
Մայրավանք, Անթիլիաս
==============================================================================================================
Մեր Աննման Տարօնը
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ հաւատամքով մկրտուած, քառասունութ գարուններ,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական հանգանակով ու գիտակցական երդումով դրոշմուած, երեք տասնամեակներու վրայ երկարած ամբողջ կեանք մը բնութեան տարերքով՝ վաղաժամ վերադարձաւ իր Արարիչին։
Հողին յանձնուեցաւ Նիւթը,
Էապէս յաւիտենականութեան կոչուեցաւ մեր ԱՆՆՄԱՆ ԸՆԿԵՐԸ՝
ԱՆՆՄԱՆ ՏԱՐՕՆԸ, որուն անունը այնքան հոյակապ կերպով հոմանիշ դարձած էր բոլորին համար ընկեր բառին եւ ըմբռնումին։
Քիչ առաջ, երբ մեր կազմակերպական աւանդութեամբ հողին յանձնեցինք անոր անշունչ մարմինը, բազում հարիւրաւորներու սրտառուչ «Վէրքերով լի»ով, իր խրախուսիչ ձայնն էր, որ այս անգամ բազում հարիւրաւորներու բերնով հնչեց, թէ՝
«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ
Յոյսս դուք էք ընկերներ
Շարունակեցէք սուրբ գործը
Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»։
Ես լսեցի իր ձայնը՝ կողքիս, ինչպէս՝ բազմաթիւ անգամներ, սակայն այս անգամ՝ աւելի հնչեղ, առաւել պարտադրող։
Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ սրբատաշ ու խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ սկսած եւ միայն քառասուն տարիներ տեւած մեր մտերմութիւնը, ընկերութիւնը, գործակցութիւնը այսօր, այս պահուն, կը սանձազերծէ միտքս՝ ըստ արժանւոյն ըսելու այն, որ կար ներդաշնակուած աննման Տարօնին մէջ, այն բոլորը, որ կենդանութեան կը պատկանէր իրեն, իսկ այսօր սեփականութիւնն է բոլորիս, բոլոր անոնց, որոնք ճանչցան զինք, սիրեցին, յարգեցին զինք եւ պիտի պահեն իր յիշատակը։
Այսօր, երբ հազիւ քանի մը ազնիւ առաքինութիւններով մարդը դարձած է անգտանելի, ապա ուրեմն աւելի քան երեք տասնեակ յատկանիշներով շաղախուած եւ այս բոլորը ինչպէս սեփական, այնպէս ալ հանրային ծառայութեան ի սպաս դրած մարդը ինչպէս չորակել ԱՆՆՄԱՆ։
Տարօն աշխարհի, արծուածին Սասունի ջինջ աղբիւրներէն սերած, աւանդական պապենական երդիքի տակ ծնած եւ մինչեւ սեփական հայաշունչ ու ազգադրոշմ սեփական երդիք, անոր կեանքի ամբողջ ընթացքը զսպանակուած մնաց Ազգի, Հայրենիքի, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքով, որոնք այնքան ներդաշնակ կազմաւորեցին անոր ամբողջ էութիւնը եւ մղում տուին անոր բոլոր աշխատանքներուն։
– Ճանչցանք զինք իր ընտանիքին, մեր ազգին ու կազմակերպութեան մէջ՝ հաւատաւոր ու աւանդապահ։
– Գործեց պատասխանատու կերպով ազգային, քաղաքացիական, մարդասիրական առաջաւոր ու պատասխանատու հանգամանքներով։
– Ցուցաբերեց ընկերային, յարաբերական եւ հասարակական գործ՝ իւրօրինակ ոճով ու համով։
– Հարստացուց իր ներաշխարհը, ազգայինին կողքին, հոգեւոր, մշակութային ու համամարդկային հետաքրքրութիւններով եւ կիրարկումներով։
– Վայելեցինք իր հմուտ ժողովականի, պայծառատես գործընկերոջ եւ գործնական մարդու յատկութիւնները։
– Ներկայութիւն էր ամէնուր՝ քաջալերող, խանդավառող եւ յուսադրող։
– Հմուտ էր ինչպէս վարչական կեանքի ոլորտներուն մէջ, նոյնպէս ալ տնտեսական եւ գործարարական նախաձեռնութիւններուն մէջ։
– Փնտռուած բեմականն էր, առինքնող, վայելուչ, զուարճախօս։
– Ուրախութիւնը տարածելու եւ ցաւը բաժնելով մեղմացնելու ունակութիւնը ունէր։
– Երեսնամեակ մը գործեց իր պաշտած կազմակերպութեան շարքերուն մէջ։ Ուր որ ալ գտնուեցաւ, ինչ յանձնառութեան տակ ալ դրուեցաւ, գործեց հաւատարմութեամբ եւ մնաց ուխտապահ։
– Յանդուգն, թելադրող եւ առաջնորդող ըլլալու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ մնաց իւրօրինակ։
– Որպէս մարդ՝ ունեցաւ թերացումներ, միաժամանակ ունենալով զանոնք ընդունելու վեհանձնութիւնը։
Դժուար է գտնել մարզ թէ ծառայութեան ասպարէզ, ուր իւրօրինակ ներկայութիւն, երանգ, համ ու հոտ չըլլար Տարօնը։
Այս էր աննման Տարօնը, որ յանձնեցինք յաւիտենականութեան։
Այս պահուն քու հոգիդ հոս է, սիրելի՛ ընկեր։
Ես ըսի այն, ինչ որ այս պահուն կրնայի արտայայտել. թանկագին ընտանիքդ, հաւատաւոր ընկերներդ, բարեկամներդ, ազգային, քաղաքացիական, պետական, բարեսիրական, միութենական, համայնքային թէ հանրային բոլոր բնագաւառներուն մէջ ներկայութիւնդ վայելած բոլոր բոլորը շա՜տ շա՛տ յիշատակներ ունին անպատճառ վերապահուած քեզմէ, եւ դուն այլեւս ոչ քու կեանքովդ, որ վաղաժամօրէն վերջակէտուեցաւ, այլ մեր բոլորին, բոլորին կեանքերով կ՛ապրիս, պիտի՛ ապրիս։
Աննման էիր կենդանութեանդ։
Աննման է այսօրը, եւ սփոփիչ, վաղաժամ մեկնումիդ կսկիծը ընտանիքիդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ հետ բաժնող այս յարգոյ սգակիրներու ներկայութիւնը։
Մենք չթաղեցինք քեզ, այլ ցորենի հատիկի պէս ծածկեցինք հողով, որ ծլարձակիս, բազմանան օրինակներդ եւ շարունակուի Սուրբ Գործը։
Սգակիր Աւետիսեան ընտանիք,
Ընկերներ, հարազատներ, բարեկամներ,
Ընդունեցէք մեր խորազգաց վշտակցութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ