Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ համարով ներկայացուցինք կարեւոր որոշ միջոց- ներ, որոնք կը նպաստեն ուղեղային աշխատանքին եւ զարգացման, կամ նոյնիսկ կը հետաձգեն կարգ մը անհանգստութիւններ, որոնք կրնան ուղեղը եւ անոր աշխատանքը բթացնել։ Արդեօ՞ք կարելի է ուղեղին աշխատանքը կամ զարգացումը բարելաւել։ Տեսնենք մասնագէտներու կարծիքը։
Ուղեղը միշտ կարիք ունի մարտահրաւէրներու։ Նոյնիսկ եթէ ձեր գործը կատարելապէս կը գործէք, բայց տակաւին պէտք ունիք նոր բան կամ նոր մեթոտ կիրառելու։ Ուղեղը միշտ արթուն պահելով, նոր բաներ սորվելով, զայն միշտ խթանելով՝ կարելի է նոյնիսկ բարելաւել անոր մտածելակերպը կամ դատելու ու վերլուծելու կարողութիւնը։ Նաեւ, այս իմաստով, կարելի է կանխել կամ նոյնիսկ արգիլել ուղեղային կարգ մը խանգարումներ։
Երկար ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները կը փաստեն, թէ ուղեղային աշխատանքը կամ մարզումը շատ անհրաժեշտ է։ Հարցը կը կայանայ յարատեւ նոյն աշխատանքը կատարելուն մէջ, ուր այլեւս ուղեղը մեքենայաբար կը գործէ, իր հնարաւորութիւնները այդ չափերուն մէջ կը սահմանափակէ։ Մինչ ուղեղը ունի անսահման հնարաւորութիւններ եւ կրնայ ընդարձակուիլ շատ աւելիին, քան մենք կը կարծենք։
Ուղեղը միշտ նորութիւններ սորվելու կարիքը ունեցող օրկան մըն է։ Ան կրնայ լաւագոյնս տալ, երբ միշտ նոր հորիզոններ կը բացուին իրեն առջեւ։ Ուղեղը միշտ նորութիւն կ՛ակնկալէ։ Ան այդ ձեւով կը մնայ աշխոյժ եւ արթուն։ Իսկ մենք պէտք է միշտ նոր գիտելիքներու, նոր հետաքրքրութիւններու եւ նոր աշխատանքներու ձեռնարկենք, որպէսզի ուղեղը այդ աշխատելաձեւին վարժեցնէ ինքզինք եւ նոր մեթոտներ գտնելու մասին մտածէ՝ կայտառ մնալու նպատակով։
Գիտնականները վստահ չեն, թէ ի՛նչ ձեւի նորութիւններ կամ գիտելիքներ աւելիով կը նպաստեն ուղեղին, բայց վստահ են, թէ նորութիւնը մեծապէս կը նպաստէ, օրինակ՝ նոր լեզու մը կամ պարի նոր ձեւ մը սորվիլը։ Մանաւանդ այն հետաքրքրութիւնները, որոնք նաեւ ուղեղի ընկերային զարգացման կրնան նպաստել: Արտադեւ, մարդկային զանազան յարաբերութիւններ ստեղծելը չափազանց թելադրելի է։ Խաչբառ լուծելը, սուտօքու պատրաստելը կամ նոր գիրք մը կարդալը… այս բոլորը կ՛օգնեն ուղեղին, որ աշխոյժ մնայ եւ կամ նոյնիսկ՝ «ալզհայմըր»ի հիւանդութենէն հեռու մնայ։
Մարզանքը եւ սովորական աշխատանքները, որոնք կրնան ձեր սրտին զարկերը բարձրացնել, մեծապէս կը նպաստեն թէ՛ սրտին եւ թէ՛ ուղեղին։ Մարզանքի եւ յարատեւ շարժումի մէջ եղող մարդոց ուղեղին արտաքին մաշկի բաժինը շատ աւելի հաստ է քան անոնցը, որոնք մարզանք չեն ըներ։ Այսպիսով, առաջինները աւելի արթուն կ՛ըլլան քան միւսները, որոնք չեն շարժիր, եւ անոնց մօտ ուղեղային աշխատանքի դանդաղեցման հնարաւորութիւնները աւելի նուազ են։
Մարդկային ուղեղին մէջ կայ բաժին մը, որ կ՛ազդուի մարզանքէն, անիկա կը կոչուի «Հիփօգամբըս»։ Այս բաժինը կը համարուի իբրեւ տնային մաքրութեան բաժին, ուր ուղեղը կրնայ իր տեղեկութիւնները բաժնել, դասաւորել, իւրաքանչիւր տեղեկութիւն իրեն համապատասխան անկիւնը առաջնորդել, եւ այլն։ Մէկ խօսքով, այս բաժինը չափազանց կենսական է սորվելու եւ տեղեկութիւններ միացնելով ենթադրութիւններ կատարելու համար։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարզանքը եւ շարժումը կրնան նպաստել ուղեղի այս բաժինին համար նոր բջիջներու արտադրումին։ Մասնագէտ մը կը հաստատէ, թէ մենք մեր ուղեղին կառոյցը կը կազմենք մեր ոտքերը աշխացնելով։
Վերջին հաշիւով, ուղեղը նոր ձեւով բանեցնելու աշխատանք կ՛առաջարկուի գիտնականներուն կողմէ։ Օրինակ, մազերը սանտրել կամ ակռաները վրձինել ոչ յաճախ գործածած ձեռքով։ Կամ լոգանքի ժամուն աչքերը գոցած՝ ջուրին ձայնին հետեւիլ, մարմինին վրայ զգալ եւ ոչ աչքով ստուգել։ Նմանօրինակ մարզանքներ ուղեղը կրնան տարբեր ձեւով աշխատանքի առաջնորդել:
==============================================================================================================
Միջերկրական Խոհանոցի Համար Յատուկ Ուտելիքներ
Կերակուրները, զորս կ՛ուտենք, պատրաստուած են ընտանեկան սովորութիւններով, յատուկ պատմութեամբ եւ մշակութային կարգ ու սարքով։ Իսկ բժշկական ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, թէ Միջերկրական խոհանոցի ուտելիքները բաւական առողջարար են։ Զանոնք կիրառելու համար, պէտք է օգտագործել հետեւեալ պարզ միջոցները, որպէսզի կարենանք ապահովել մեր օրական սննդանիւթերը։
1- Կարագը փոխարինեցէք ձիթաիւղով, ըստ հնարաւորութեան։
2- Փոքր պատառիկներու համար նախընտրելի է պտուղ, բանջարեղէն կամ պիստակեղէն՝ երկար ընթացքով պատրաստուած (processed) ուտելիքներու փոխարէն։
3- Միշտ ձեր ընթրիքին թող ընկերակցի աղցանի տեսակ մը։
4- Միշտ փորձեցէք սեւ հացը, սրճագոյն բրինձը կամ նոյնիսկ սեւ փասթան հրամցնել ճերմակին փոխարէն։
5- Շաբաթական առնուազն երկու անգամ առանց միսի կերակուրներ պատրաստեցէք ընթրիքին համար։
6- æանացէք ընդեղէն ուտել շաբաթական երկու անգամ։
7- Ոչ-տապկուած ձուկ կերէք շաբաթը երկու անգամ։
8- Եթէ միս պիտի ուտէք, նախընտրելի է հաւու միս կամ այլ թռչնազգիներէն հրամցնէք ձեր ընտանիքին։
9- Կարմիր միսը միայն առիթներու վերապահեցէք եւ միշտ քիչ քանակով։
10- Եթէ խմիչք կը փափաքիք, ապա նախընտրելի է մէկ կամ երկու գաւաթ ընթրիքին հետ։
11- Պտուղ կերէ՛ք իբրեւ՝ քաղցրեղէն, վայելեցէք անոնց տարբեր համերը, բոյրերն ու գոյները։
12- Իւրաքանչիւր պատառը ծամելու բաւարար ժամանակ տրամադրեցէք։
Եթէ այս մեթոտով դաստիարակուած էք եւ հիմա նոյնը կ՛որդեգրէք ձեր ընտանիքին ու զաւակներուն համար, բաւական բան շահած էք ու բաւական ճամբայ կտրած էք երեխաներուն ճիշդ ուղղութեանբ առաջնորդելու իմաստով։ Շարունակեցէք նոյն ձեւով եւ վստահ եղէք, որ ձեր կարելին արդէն կ՛ընէք առողջապահական մեթոտներով ուտել վարժեցնելու համար։ Եթէ երեխան վարժուեցաւ ճիշդ ուտելու եւ այս կերակուրներուն համը սիրեց մինչեւ եօթը տարեկան, արդէն ապահով կը մնայ անկէ ետք։ Նոյնիսկ եթէ երբեմն տարբեր կերակուրներ ուտէ, անպայման պիտի փնտռէ նախկինները։