ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմզ Սթէյնպըրկ, Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ամերիկան, Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին կապակցութեամբ՝ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները համադրելի կը նկատէ:
Սթէյնպըրկի խօսքերով, Ուաշինկթըն կարեւոր կը նկատէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը, որ խաղաղութիւն կրնայ բերել տարածաշրջանին: Ամերիկացի դիւանագէտին կարծիքով, բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափը ճիշդ է, իսկ Մինսկի խումբին աշխատանքը՝ արդիւնաւէտ:
«Ճիշդ պիտի ըլլայ շարունակել այս ճանապարհը», յայտնած է Սթէյնպըրկ՝ խուսափելով պատասխանելէ բանակցութիւններուն ԼՂՀի մասնակցութեան մասին հարցումին: