ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, Փետրուար 9-11 ժամանակամիջոցին, Հայաստանի հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդատուութիւններ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով, Սուրիա պիտի այցելեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։