ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, հնգօրեայ պաշտօնական այցով, Փետրուար 8ին Ֆրանսա մեկնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են Ս. Օհանեանի հանդիպումները Ֆրանսայի իր պաշտօնակից, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, բանակի հրամանատար Ժան-Լուի Ժորժելէնի, Ֆրանսայի նախագահի յատուկ գլխաւոր շտապի պետ Էտուար Քիյարի, Ֆրանսայի ԱԺ Պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կի Տեսիէի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեանի եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ պիտի այցելէ Մուրմելոնի ռազմական փորձերու կեդրոն եւ Պաշտպանութեան միջբանակային քոլեճ: