ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Eurovisontv.com պաշտօնական կայքէջին, Օսլոյի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոտեսիլ 2010» երգի մրցումի կիսաեզրափակիչ փուլին, Հայաստան հանդէս պիտի գայ Մայիս 27ին:
Նշենք, որ «Եւրոտեսիլ-2010» երգի մրցոյթի հայաստանեան նախընտրական փուլին, 30 երգերէ ընտրուած է 10 հատ: Փետրուար 11ին, «Հ1»ի ուղիղ եթերով պիտի որոշուի 10 մասնակից երգերուն հերթականութիւնը, իսկ երգերը հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին Փետրուար 14ին՝ հեռատեսիլային ընտրական փուլին համար: