ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 12րդ եւ երկարաշունչ նիստը, զանազան հարցումներու կարգին, հարցումներ ստեղծեց նաեւ «գաղտնի վկայ» կոչուած վկային մասին, որուն վկայութեան կը սպասուէր այս նիստին ընթացքին եւ որ սակայն չկրցաւ վկայել, որովհետեւ ոստիկանութիւնը «մոռցած էր» զայն դատարան բերել։
Այս արտակարգ անտեսումը բացատրելու համար, զանազան պատճառաբանութիւններ տրուեցան, իսկ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին ըսուեցաւ, թէ վկան դատարան չէր բերուած, որովհետեւ ան, թրքերէն բաւական լաւ չգիտնալու պատճառով, պիտի խօսէր թարգմանի միջնորդութեամբ, սակայն թարգմանը չէր գտնուած։
Այլ մանրամասնութիւն մը այս լուրը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ։ Արդարեւ, դատաւորը դիտել տուաւ, որ հայերէն գիտցող թարգման մը փնտռուած էր եւ չէր գտնուած։ Ասիկա լուրջ հրապարակում մըն էր գաղտնի վկային ինքնութեան մասին, որովհետեւ մտածել կու տար, թէ գաղտնի վկան հայ մըն է, բայց հաւանաբար թրքահայ մը չէ, քանի որ թրքահայերը թարգմանի պէտք չունին թրքերէն խօսելու համար։ Փաստաբանները պահանջեցին, որ յաջորդ նիստին անպայման գտնուած ըլլայ թարգման մը ու գաղտնի վկան դատարան բերուի վկայութեան համար։ Ենթակային վկայութեան ընթացքին անոր դէմքը պիտի ծածկուի եւ յատուկ սարքերով պիտի փոխուի անոր ձայնը։
Չորեքշաբթի օրուան թրքական մամուլը կը պնդէ, թէ դատավարութեան գնացքը պիտի փոխուէր եթէ գաղտնի վկան դատարան բերուած ըլլար այս վերջին նիստին, որովհետեւ նոյն գաղտնի վկան հարցաքննութեան ընթացքին պնդած էր, թէ ինք տեսած էր, որ Օկիւն Սամասթ (ոճրագործը) առանձին չէր, երբ կը կրակէր Հրանդին վրայ, այլ հետը երկու ուրիշներ կային։
«Սթար» թերթը հաղորդեց, թէ վկան, որ ոստիկանութեան կողմէ որակուած է «գաղտնի վկայ թիւ 1», սպանութենէն 11 օր ետք դատախազութեան ըսած է, թէ Հրանդ Տինքին վրայ կրակողները Եասին Հայալն ու Օկիւն Սամասթն էին, եւ աւելցուցած է, թէ հոն էր նաեւ Եասին Հայալի եղբայրը՝ Օսման Հայալը։ Թարգմանի մը միջնորդութեամբ կատարուած վկայութեան ընթացքին, ան ըսած է նաեւ, որ երկու հոգիներէն մէկը դպած է Հրանդ Տինքի ուսին, կեցուցած է զայն, բաներ մը ըսած է անոր, ապա միւսը կրակած է։ Ըստ վկային, Տինքի վրայ ետեւէն կրակ բացած է նաեւ Եասին Հայալը: Վկան պատմած է, թէ «Ակօս» խմբագրատան փողոցը ինկած Տինքի դիակին շուրջ հաւաքուած բազմութեան մէջ, ան տեսած է նաեւ Եասին Հայալի եղբայրը՝ Օսմանը։
Դատարանը յառաջիկայ օրերուն, Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն առաջարկին ընդառաջելով՝ պիտի քննէ, թէ արդեօք Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կապ ունէ՞ր «Էրկենեքոն»ի հետ։
Միւս կողմէ, նախքան Տինքը սպաննուած քաղաքական ու հանրային մարդոց ընտանիքները, որոնք 12րդ նիստին ընթացքին ցոյց կատարած էին դատարանին առջեւ, այսօր Անգարա պիտի երթան՝ խորհրդարանի նախագահին յանձնելու համար աղերսագիր մը, պահանջելով, որ այս ոճիրները քննելու նպատակով կազմուի խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբ մը։