ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սոյն յօդուածին վերնագիրը, որ առնուած է Ուոլթըր Սքաթի «Մարմիոն» կոչուած դիւցազներգական բանաստեղծութենէն, յարմարագոյն ձեւով կը նկարագրէ այն խաբէութիւնը, զոր Թուրքիոյ ղեկավարները կը հիւսեն՝ փորձելով ստեղծել Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնը բնականացնելու փափաքը ունենալու կեղծ տպաւորութիւնը:
Հայաստանի հետ սահմանները բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու կեղծիքին ներքոյ, թուրք պաշտօնատարները, իրականութեան մէջ, կը մտադրեն.
1. Հայաստանէն զիջումներ խլել՝ Ղարաբաղը (Արցախը) Ատրպէյճանին վերադարձնել, Ցեղասպանութեան իրականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու համար պատմական յանձնաժողով մը կազմել, ինչպէս նաեւ արգիլել Թուրքիայէն հողային պահանջները.
2. Արգիլել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը այլ երկիրներու, յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ.
3. Դրական պատկեր մը յառաջ բերել՝ դիւրացնելու համար Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը:
Եթէ Թուրքիա անկեղծ ըլլար Հայաստանի հետ իր սահմանը բանալուն մէջ, ապա կրնար այդ մէկը կատարել այն դիւրութեամբ եւ արագութեամբ, որոնցմով նոյն սահմանը փակեց, 1993ին։ Կարիքը չկար երկար բանակցութիւններու, ծալքերով լեցուն արձանագրութիւններու եւ խորհրդարանական վաւերացումներու։ Աւելին, զիջումներ պահանջելու փոխարէն, թուրքերը պէտք էր քաջալերող առաջարկներ ընէին Հայաստանին՝ սահմաններուն բացման իր հաւանութիւնը տալուն համար, որովհետեւ փակ սահմաններով Թուրքիան չի կրնար մուտք գործել Եւրոպական միութիւն։
22 Ապրիլ 2009էն ի վեր, երբ առաջին յատուկ քայլը առնուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ՝ հրապարակելով ճանապարհի քարտէս մը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ, թուրք ղեկավարները կը շարունակէին նշել, թէ պիտի չբանան սահմանները, եթէ նախ չլուծուի Արցախի տագնապը։ Նոյնիսկ 10 Հոկտեմբեր 2009ին Արձանագրութիւններու ստորագրումէն եւ անկէ տասնմէկ օր ետք զանոնք խորհրդարան ներկայացնելէ ետք, թրքական կառավարութիւնը տակաւին կը պնդէր, թէ սահմանը փակ պիտի մնայ, մինչեւ որ Արցախը վերադարձուի Ատրպէյճանի:
Տրուած ըլլալով, որ մեծ ուժերէն ոչ մէկը նեցուկ կանգնեցաւ Արցախի նախապայմանին, Թուրքիոյ ղեկավարները օգտագործեցին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 12 Յունուար 2010ի որոշումը, իբրեւ պատրուակ՝ վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին Արձանագրութիւնները չվաւերացնելու։ Հակառակ անոր, որ դատարանը վճռեց, թէ Արձանագրութիւններուն մէջ նշուած պայմանները կը համընկնէին Սահմանադրութեան հետ, Անգարայի ղեկավարութիւնը իր դժգոհութիւնը յայտնեց՝ ծածկելու համար Արձանագրութիւնները չվաւերացնելու իր մտադրութիւնը։ Թուրքիա պահանջեց, որ դատարանը «սրբագրէ» իր որոշումը, պարզապէս, որովհետեւ անիկա արգելք դրած էր թրքական կողմի չերաշխաւորուած մեկնաբանութիւններուն ու նախապայմաններուն դիմաց։
Չկարենալով համոզել Հայաստանը, որ ընդառաջէ իրենց պայմաններուն՝ թուրք պաշտօնատարները մօտեցան Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ Զուիցերիոյ (որ միջնորդն է Արձանագրութիւններուն), ճնշում բանեցնելու համար Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս «սրբագրէ» Սահմանադրական դատարանին որոշումը։ Անգամ մը եւս թուրքերը ետ մղուեցան:
Անցեալ շաբաթ Թուրքիա սայթաքեցաւ Արձանագրութիւնները չվաւերացնելու ուրիշ պատրուակի մը վրայ. Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ, քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմըն (ժողովրդավարական, Քալիֆորնիայէն) յայտարարեց, թէ 4 Մարտին իր յանձնախումբը օրակարգի վրայ պիտի դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծը։
Հակառակ անոր, որ Ցեղասպանութեան օրինագիծը կապ չունի Արձանագրութիւններուն հետ, քոնկրեսական Պըրմընի յայտարարութենէն քանի մը օր առաջ, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Նամիք Թան զգուշացուց Միացեալ Նահագներու Քոնկրեսը այդպիսի քայլէ մը, եւ համարձակօրէն նախատեսեց, թէ նման օրինագիծ մը քուէարկութեան պիտի չդրուի «այս տարի կամ ընդհանրապէս ապագային»։ Դեսպան Թանի սպառնալիքը յստակօրէն բացայայտեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման որեւէ առիթ խափանելու Թուրքիոյ ծածուկ ծրագիրը։
Հիմա, որ Ցեղասպանութեան օրինագիծը քուէարկութեան համար օրակարգի վրայ դրուած է, ի՞նչ պիտի ընեն թուրքերը։ Անոնք կախուած են խաբէութեան իրենց հիւսած ոստայնէն… Եթէ աճապարեն վաւերացնելու Արձանագրութիւնները՝ օրինագիծին որդեգրումը արգիլելու համար, ապա անոնք հակառակորդ պիտի ըլլան իրենց ատրպէյճանցի դաշնակիցին եւ ստեղծած՝ ներքին տագնապ մը։ Միւս կողմէ, եթէ շատ շուտով չվաւերացնեն Արձանագրութիւնները, ապա մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այս տարի Ցեղասպանութեան օրինագիծը արժանանայ քոնկրեսական վաւերացման։
Մինչ այդ, Ուաշինկթընի համբերութիւնը կը հատի Արձանագրութիւններուն վաւերացումը ձգձգելու Թուրքիոյ վարմունքէն։ Առ ի հակադարձութիւն, Օպամայի վարչամեքենան կրնայ օգտագործել Ցեղասպանութեան օրինագիծը իբրեւ շիւղ մը՝ խթանելու համար Թուրքիան, որպէսզի վերջինս վաւերացնէ Արձանագրութիւնները։ Աւելին, Թուրքիա չի կրնար վստահիլ Իսրայէլի եւ ամերիկեան-հրէական կազմակերպութիւններու նեցուկին՝ Ցեղասպանութեան օրինագիծը խափանելու գծով, անցեալ տարուան ընթացքին Իսրայէլի դէմ վարչապետ Էրտողանի ունեցած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն պատճառով։
Արձանագրութիւնները չվաւերացնելով՝ Թուրքիա Օպամայի վարչամեքենային դիմացէն հանած կ՛ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արգելքը։ Հակառակ նախընտարական շրջանին բազմիցս կրկնած իր խոստումներուն, նախագահ Օպամա խուսափեցաւ 24 Ապրիլ 2009ի իր պատգամին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ։ Ան անխոհեմաբար որդեգրած էր թրքական խաբէական այն ուղղեգիծը, թէ՝ երրորդ երկիրներ պէտք չէ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, մինչ Հայաստանն ու Թուրքիան կը փորձեն բնականացնել իրենց յարաբերութիւնները։
Հարկ է նշել, թէ անցեալ շաբաթ, երբ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտընէն խնդրուեցաւ արտայայտել իր տեսակէտը՝ Արձանագրութիւններուն վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին ունենալիք ազդեցութեան շուրջ, ան պնդեց, թէ Արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին առանց նախապայմանի։ Կարեւոր է նշել նաեւ, որ ան այդ առիթը չօգտագործեց օրինագիծին դէմ որեւէ կեցուածք արտայայտելու։
Վարչամեքենային կողմէ քոնկրեսական օրինագիծը արգիլելու որեւէ փորձ մեծապէս ամօթալի պիտի ըլլայ նախագահ Օպամայի, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի համար, տրուած ըլլալով, որ երեքն ալ իբրեւ ծերակուտականներ եւ նախագահական թեկնածուներ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նեցուկ կանգնող խիստ յայտարարութիւններ ըրած էին։
Տրուած ըլլալով, որ Օպամայի վարչամեքենայի պաշտօնատարներ շարունակ կրկնած են, թէ Արձանագրութիւնները չունին որեւէ նախապայման, ուստի ոչ մէկ պատճառ պէտք է ունենան՝ դէմ դնելու Ցեղասպանութեան օրինագիծի որդեգրման։
Հարկ է նշել, որ բնական պայմաններու մէջ պէտք պիտի չըլլար նախագահին կամ Քոնկրեսին կողմէ յաւելեալ քայլերու դիմելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, որ արդէն ճանչցուած իրականութիւն մըն է։ 1975ին եւ 1984ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծեր եւ նախագահ Ռիկըն ճանչցաւ զայն 1981ի իր նախագահական հռչակագիրին մէջ։ Այդուհանդերձ, Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը խափանելու թրքական չարակամ ծրագիրներուն դիմաց, կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը վերահաստատէ անոր ճանաչումը։ Ասիկա նաեւ պիտի ըլլայ պատշաճ հակազդեցութիւն մը՝ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու կեղծ ձեւակերպութեամբ զիջումներ կորզելու համար Արձանագրութիւնները օգտագործելու թրքական խաբէական մարտավարութիւններուն դէմ։
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի Խմբագիր
Սիրելի Յարութիւն,
ըստ քեզի մեր ցեղին սպաննութեան ճանաչումը
պիտի նշանակէ միթէ՞ նախագահ Վուտրօ Վուլսոնի գծա•րած Հայաստանին սկզբնաւորութիւնը…
Ի դէպ Թիւրքին՝ վախը այս է իրականութեան մէջ (եւ ոչ միայն…)
Ողջոյնիւ՝
Յ.Կ.
Hianali, Getses Harout,
Esd tser hotvatsin arten djeshmardoutyoun ae, ays barakayin
protocolnere yete vaveratsvin nouyne, vay vay vay kalike Hye Azkin keloukhin,
Abril 22 in 2009 inch vor hamatsaynetsan yev Oct. 10in esdorakretsin esele
ouzatsnin yeghav,sarkisiane polores kidenk ove Espourkayoutyoune yev
SOURP TASHNAGTZOUNE haydni ae TSOONGI PERE lourch askhadang
ge BAHANCHEVI,
ASDVATS OKNAGAN ELLA POLORIT
GETSE HO.HI.TAN HYE AZKIN BAHABAN