ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Թերթ».- Թրքակական «Միլլիյէթ» օրաթերթին տուած տեղեկութիւններով, Սթոքհոլմ այցելած Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները անակնկալի եկած են, երբ տեղեկացած են, որ շուտով Շուէտի խորհրդարանի օրակարգին վրայ պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ:
Նշենք, որ երեք ամիս առաջ տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին, Շուէտի իշխող Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը ընդունած էր թուրքերուն կողմէ հայերու, ասորիներու եւ քլտաններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները դատապարտող որոշում մը: