ՎԱԼԵՆՍԻԱ.- Սպանիոյ մեծագոյն քաղաքներէն Վալենսիոյ մէջ կը գործէ «Արարատ» հայկական միութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է պատմական Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները ներկայացնող 2010ի օրացոյցը։
«Հայաստանի մայրաքաղաքները» խորագիրով օրացոյցի իւրաքանչիւր էջին վրայ հայերէն ու սպաներէն լեզուներով զետեղուած են հակիրճ տեղեկութիւններ՝ հայկական լեռնաշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն մասին (թիւով՝ 12)։ Նախաբանին մէջ Հայաստանի մայրաքաղաքներուն մասին հազարամեայ պատմութիւնը ներկայացուած է աւելի ընդարձակ ձեւով։
Միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան տեղեկացուցած է, թէ օրացոյցը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է սպանական ու հայկական շրջանակներէն ներս։