ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Յունուար 16ին տեղի ունեցած Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ ընկերակցութեան նոր վարչութիւն, միաժամանակ որոշուեցան 2010ին իրականացուելիք ծրագիրները:
Նախկին ատենապետ Ռուբէն Պուչաք ներկայացուց նախորդ տարուան իրագործումները եւ ողջունեց Նոյեմբերին տեղի ունեցած տարեկան ճաշկերոյթին արձանագրած յաջողութիւնը: Այդ ձեռնարկին ընթացքին դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի շնորհուած էր «Տարուան արհեստավարժը» կոչումը: Ան յայտնեց, թէ 52 տարի առաջ հաստատուած ընկերակցութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն վերաշխուժացած է ու յիշեցուց, թէ տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին նաեւ կրթանպաստներ շնորհուած են երեք հայ ուսանողներու՝ Մայքըլ Խաչիկ Քուլհանճեանի, Վարդանուշ Թորոսեանի ու Տադէ Զիրաքեանի:
Ապա, Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան նախկին նախագահներու խորհուրդէն Ռուբէն Պէրպէրեան ներկայացուց նորընտիր վարչական կազմը՝ Ստեփան Պաղպուտարեան (ատենապետ), Շահան Մինասեան (առաջին փոխատենապետ), Սիւզան Կարապետեան (երկրորդ փոխատենապետ), Պրուս Ռոթ (գանձապահ) եւ Սիլվա Մանուկեան (Կրթանպաստի յանձնախումբի պատասխանատու):
Պաղպուտարեան յայտարարեց, թէ արհեստավարժներուն հետ ամսական հանդիպումներու, այլ կազմակերպութեանց հետ համագործակցութեան, անդամներուն թիւը բազմացնելու եւ կրթանպաստներուն գումարը աւելցնելու ճամբով, կարելի պիտի ըլլայ ընկերակցութիւնը աւելի ազդու դարձնել: Ան աւելցուց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար յատուկ աշխատանք պէտք է տարուի եւ շեշտեց, թէ Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ Յունիսին սկսող ու Արշիլ Կորքիին նուիրուած ցուցահանդէսը կարելի է գործածել այդ նպատակին համար:
Ապա, նշեալ ցուցահանդէսին համար կազմուած Արշիլ Կորքիի բարեկամներ կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պրուս Ռոթը եւ աւելցուց, թէ Ապրիլ 30ին, Կլենտէյլի մէջ կը ծրագրուի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին թանգարանին պատասխանատուները ցուցահանդէսին եւ անոր ընկերացող այլ ծրագիրներուն մասին պիտի խօսին:
Իր կարգին, ընկերակցութեան հիմնադիրներէն եւ նախկին նախագահներու խորհուրդի երկարամեայ անդամ Վահան Գրիգոր ողջունեց նոր վարչութիւնը եւ դրուատեց նախկին վարչութեան տարած աշխատանքը:
Ընկերակցութիւնը նաեւ Փետրուար 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, դարձեալ Կլենտէյլի մէջ կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գրասենեակի տնօրէնին գլխաւոր տեղակալը՝ Լիսա Գալուստեանը, պիտի խօսի նահանգին որդեգրած «Կանաչ նախաձեռնութիւն» ծրագրին մասին:
Նաեւ, Մարտ 13ին, ընկերակցութեան անդամներուն եւ բարեկամներուն համար Լոս Անճելըսի «Ուոլթ Տիզնի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ համերգ մը, որուն տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:
Ընկերակցութեանց ու անոր ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.apsla.org համացանցային կայքը, հեռաձայնել՝ (818) 685-9946 թիւին կամ դիմել հետեւեալ հասցէներուն՝ apsla@apsla.org կամ APS, P. O. Box 10306, Glendale, CA 91209: