ՓԱՐԻԶ, «Փանորամա».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Փետրուար 10ին կայացած է հանդիպում մը՝ հայ նախարարին եւ իր ֆրանսացի գործընկերոջ՝ Էղուէ Մողենի միջեւ: Կողմերը քննարկած են զիրենք հետաքրքրող ռազմական համագործակցութեան հարցեր, ներկայացուցած են տեսակէտներ՝ տարածաշրջանային, եւրոպական եւ միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են հայ-ֆրանսական պաշտպանական համագործակցութեան ծիրէն ներս իրականացած աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Բանակցութիւններէն ետք երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են հայ-ֆրանսական երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որ իրաւական հիմք պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան ծաւալման ուղղութեամբ:
Ստորագրման արարողութեան աւարտին կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարները, որոնք կարեւոր համարած են Ս. Օհանեանի պաշտօնական այցելութիւնը Ֆրանսա եւ ստորագրուած համագործակցութեան փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ ընդգծած են ֆրանսահայութեան դերը՝ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Աւարտին Ս. Օհանեան հրաւիրած է ֆրանսացի իր գործընկերը պաշտօնական այցելութիւն մը տալու Հայաստան:
Նոյն օրը Սէյրան Օհանեանը ընդունուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Անվտանգութեան, պաշտպանական եւ ներքին գործերու հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կի Տեսիէի կողմէ: Անոնք քննարկած են պաշտպանական ոլորտին մէջ ընթացող բարեփոխումները, կարեւոր համարած են Զինուած ուժերուն նկատմամբ քաղաքացիական եւ օրէնսդիր մարմնին վերահսկողութեան զարգացումն ու ամրապնդումը, ինպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:
Պաշտպանութեան նախարար Օհանեանը այցելած է նաեւ Եւրոպայի հնագոյն եւ առաջատար ռազմակրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ Ֆրանսայի պաշտպանութեան միացեալ քոլեճը, ուր հայկական պատուիրակութեան ներկայացուած են Ֆրանսայի Զինուած ուժերու ռազմական բարձրագոյն կրթութեան համակարգը, ուսումնական ծրագիրները եւ դասաւանդման եղանակները:
Նախարարը այցելած է նաեւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարը, հանդիպած՝ հոգեւորականներու եւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներու հետ, ու ծաղկեպսակ տեղադրած է Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ:
Նոյն օրը, հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեամբ ծաղկեպսակներ տեղադրուած են նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին ընթացքին, ազատութեան եւ անկախութեան պայքարին համար զոհուած մարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող Մոնթ Վալերիէնի յուշահամալիրին դիմաց: