ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի տեղեկութիւններուն համաձայն, Փետրուար 12ին նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է նկարիչներու միութեան տունը, ուր նոյն օրը բացումը կատարուեցաւ «ARTEXPO-2010» արուեստներու ցուցահանդէսին։
Մշակութային պետական եւ ոչ պետական աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու 2009ի աշխատանքները ցուցադրող սոյն ցուցահանդէսը, երկրորդ անգամն է, որ կ՛իրականանայ՝ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Անիկա նպատակ ունի ներկայացնել հայրենական մշակոյթի ժամանակակից զարգացումները, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն եւ գործնական կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն ընձեռել մշակոյթի դաշտին վրայ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն:
Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին տարբեր ամսագիրներու եւ հայկական յուշանուէրներու առանձին տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական սրճարան: Նաեւ պիտի ցուցադրուին պատկերասփիւռի ընկերութիւններու կողմէ պատրաստուած մշակութային 27 շարժա-պատկերներ։ Նշենք, որ ցուցահանդէսի այս տարուան արտասահմանեան հիւրն է Ռուսիոյ անուանի բեմադրիչ Սաիտա Մամետովան:
Նախագահ Սարգսեան շրջած է բոլոր բաժինները, ծանօթացած է արուեստի տարբեր ոլորտներ ներկայացնող մշակութային կազմակերպութիւններու նախորդ տարուան աշխատանքին, ձեռքբերումներուն եւ ծրագիրներուն: