Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բաբելոնի Աշտարակին յաջորդած օրերու մթնոլորտը կը տիրէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որոնք ստորագրեցին 10 Հոկտեմբերի փրոթոքոլը։
Լեզուներու տարբերութիւնը, այսինքն՝ փրոթոքոլներուն մասին իրարու չհամապատասխանող պետական մեկնաբանութիւնները, հայեցակէտերը, ստեղծած են վիճակ մը, որ կը պատշաճի լիբանանեան երգիծախառն երգի մը ոգիին. երգը կը սկսի հետեւեալ բառերով.- «Հալէ Թաապանէ եա Լէյլա…» (որ թարգմանի.- վիճակը վատ է, ով Լէյլա). Լէյլային սիրահարուած երիտասարդը կը թուէ այն պատճառները, որոնց հետեւանքով, իրենք ինկած են տարբեր ձորերու մէջ։
Տարբեր լեզուներով խօսակցութիւնը, ըսել կ՛ուզենք՝ տարբեր մօտեցումներն ու մեկնաբանութիւնները սկսան 11 Հոկտեմբերին իսկ. այսօր, աւելի քան չորս ամիսներու հեռաւորութիւն մը ստեղծուած է գործակցելու տրամադրութիւն յայտնած երկիրներուն միջեւ. այս իրականութիւնը շեշտուեցաւ յատկապէս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանի Լոնտոն այցելութեան օրերուն ու անոր վաղորդայինին։ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին ուղղուած ուղերձին, ապա նաեւ Լոնտոնէն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, նախագահ Սարգիսեան յստակօրէն ետքայլ կատարեց դէպի փրոթոքոլներու վաւերացում իր վազքէն. այս ետքայլը արտայայտութիւն գտաւ հետեւեալ կէտերով.
– Հայաստանի խորհրդարանը փրոթոքոլներուն վաւերացումը պիտի կատարէ Թուրքիոյ խորհրդարանին նմանօրինակ քայլէն ետք միայն։
– Հայաստանի համար յստակ է, որ այս համաձայնագիրները միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց ուղղութիւնը կը ճշդեն, Արցախի հարցն ու անոր զարգացումները չեն կրնար պայմանաւորել այս համաձայնագիրներուն յառաջընթացը։ Այս ծիրին մէջ, նախագահ Սարգսեանի արտայայտութեանց մէջ կար նաեւ յստակ մեղադրաննք մը՝ Ատրպէյճանի հասցէին։ Արդարեւ, թէեւ նախագահը յայտարարեց, թէ պատրաստ է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացման հրաւիրելու Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը, սակայն նաեւ շեշտեց, որ Արցախը Ատրպէյճանի վերադարձնելու քայլը աներեւակայելի է, եւ իբրեւ հիմնաւորում՝ մատնացոյց ըրաւ… Նախիջեւանի նախընթացը, որ հայաթափուած է։
– Հայաստանի համար, Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատուած հարց է, չի կրնար ըստ էութեան քննարկումի ենթարկուիլ։
– Հայաստան կը սպասէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը տրամաբանական ժամանակի մը մէջ վաւերացնէ այս համաձայնագիրները, այլապէս, Հայաստան ինքզինք անպարտ պիտի նկատէ ու ետ պիտի քաշուի այս ճամբէն։
Թուրքիոյ խօսած լեզուն ունի յիշեալ չորս ամիսներէն շատ աւելի երկար կեանք. Թուրքիա պայման կը դնէ, որ հայկական կողմը լքէ Ատրպէյճանէն «բռնագրաւուած հողամասերը» (միջնորդ բանագնացները կը յարին Հայաստանի տեսակէտին), եւ հրաժարի Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելու աշխատանքէն (այս նպատակով ալ, Թուրքիա դարձեալ Միացեալ Նահանգներու կը դիմէ քողարկուած սպառնալիքներով)։ Հիմնական այս տարակարծութեան կողքին, կան նուազ կարեւոր հակադրութիւններ ալ։ Օրինակ, Թուրքիոյ խորհրդարանը կը յայտարարէ, թէ ինք անկախ ու իր սեփական կամքը ունեցող հաստատութիւն է, հետեւաբար, իր որոշումներն ալ կու տայ անկախաբար։ Այս կեցուածքը կարելի է մեկանբանել այն մօտեցումով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենք իրենց ընձեռած են խուսանաւումի ու ճշդուած ընթացքէն դուրս գալու խաղը տարբեր «վարպետութեամբ» խաղալու իրաւունքը։
Անկամրջելի դիրքորոշումներով ներկայացող այս կացութիւնը երգիծանկարիչի մը կողմէ կրնայ պատկերուիլ հետեւեալ ձեւով. երկու իշապաններ, իրենց յամառ էշերը յառաջ քշելու համար, անոնց քթին դիմաց կախած են երկու ստեպղիններ, որոնց վրայ գրուած է նոյն բառը՝ փրոթոքոլներ, դասական պատկերէն այն տարբերութեամբ, որ առաջին իշապանը իր ձեռքի գաւազանը երկարած է երկրորդի իշուն դիմաց, իսկ երկրորդը իր գաւազանը երկարած է առաջինին իշուն դիմաց…
***
Եթէ հակադրութեան այս պատկերը վաղը, դիւանագիտական ու քաղաքական խաղերու ճամբով, վերստին դրուի փրոթոքոլները դէպի վաւերացում տանող ճամբու մէջ, պէ՞տք է արդեօք գոհունակութիւն յայտնել ու բաւարարուիլ, որ հարցերը դրականօրէն կը լուծուին։
Վստահաբար ոչ։
Որովհետեւ՝
Բանակցութեանց ընթացքին սակարկութիւնները, հայկական թէ թրքական «մեքենայութիւններու» իբրեւ արդիւնք, կը կատարուին միայն ու միայն հայկական կողմի իրաւունքերուն ու շահերուն հաշւոյն։ Փաստօրէն, հայկական կողմէն դէպի Թուրքիա, Եւորպա ու այլ շահագրգիռներ ուղղուած պատգամներու եւ ուղերձներու մէջ ոչ մէկ յստակ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին կանգնող մեր հողային ու այլ արդար իրաւուքներուն մասին։ Բանակցելի կը դառնան անառարկելին ու անբանակցելին, անոնք նաեւ կը քաղաքականացուին, հետեւաբար, անոնց հանդէպ կը ցուցաբերուի «ես այս կու տամ, փոխարէնը նա առնելու համար» տրամաբանութիւնը։
Այս է պատճառը, որ փրոթոքոլներով ներկայացող ուղին, իր ցուցադրած բոլոր ընտրանքներով, վատ ու կիսավատ կարելիութիւններով, չեն կրնար ընդունելի ըլլալ հայկական կողմին համար։
Պէտք է հրաժարիլ «ճամբու քարտէս»ի ներկայ ուղիէն. յարաբերութեանց բարելաւման համար պէտք է ճամբայ ելլել ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ հաստատելու սեւեռակէտով։
non comment!