ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ ստացած է հայ-թրքական արձանագրութիւններուն փաթեթը:
Յանձնաժողովի յաջորդ նիստը պիտի գումարուի Ուրբաթ օր: ըստ «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցին, յանձնաժողովը իր յաջորդ նիստի օրակարգին վրայ չունի արձանագրութիւններու փաթեթը քննարկելու հարց:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակիցին յայտնած է, թէ ներկայ դրութեամբ, նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ժամանակացոյցին մէջ Արտաքին յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու մասին նշում չկայ:
Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը Երեքշաբթի օր
հայ-թրքական արձանագրութիւններու փաթեթը շրջանառութեան մէջ դրած էր խորհրդարանին մէջ:
Զուգահեռաբար, «Միջազգային պայմանագրերի մասին» օրէնքին գծով փոփոխութիւն առաջարկող կառավարութեան նախագիծը ներկայացուած է Ազգային ժողովին: Այս նախագիծը թոյլ կու տայ ետ վերցնել խորհրդարանին ստորագրութիւնը, մինչեւ պայմանագրին՝ գործողութեան մէջ դրուելու պահը:
«Միջազգային պայմանագրերի մասին» օրէնքն ու ԱԺ կանոնակարգը փոխելու փաթեթ ներկայացուցած է նաեւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը: Դաշնակցութեան առաջարկը, վաւերացման փուլի մէջ գտնուող պայմանագրերուն վերաբերեալ վերապահումներ ընելու իրաւասութիւն կու տայ Ազգային ժողովին:
Այս առաջարկին մասին խօսելով՝ ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի անդամ Արծուիկ Մինասեանը յայտնած է, թէ «Մեր նախագիծը 3 հիմնական խնդրի է անդրադառնում: Մենք առաջարկում ենք մինչեւ գործողութեան մէջ դրուելը միջազգային պայմանագիրը յետ կանչելու մեխանիզմ: Մենք կարեւորել ենք ոչ միայն ստորագրութիւնը յետ կանչելու գաղափարը, այլ ընդհանրապէս, մինչեւ վերջնական ընդունումը ցանկացած փուլում՝ լինի կնքման թէ ստորագրման, մեր նախագծով Հայաստանը ունենում է իրաւունք՝ չեղեալ ճանաչելու պայմանագիրը»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, երէկ Ճափոնի դեսպանատան առաջին քարտուղար Օբատա Մասատականի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը արձանագրութիւններու հարցը պիտի դնէ լայն հասարակական քննարկման:
Ռուստամեան մտահոգութիւն յայտնած է ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներուն վերաբերեալ: Ան յայտարարած է, որ ՀՅԴն կողմ կ՛ըլլայ արձանագրութիւններու վաւերացման, եթէ անոնց մէջ կատարուին որոշակի ճշգրտումներ: